Անգործներու թիւը հետզհետէ կ'աւելնայ Թուրքիոյ մէջ։ 150 հազար անգործներ դիմում կատարած են Եւրոպա եւ մասնաւորապէս Գերմանիա եւ Աւստրիա մեկնելու եւ հոն աշխատելու համար։

Նախագահ Քենէտի Գոնկրէսին առաջարկեց,  յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին վերջ տալ երկրի ներգաղթի քոթայի (համեմատական չափանիշի) դրութեան, որ 1924-էն ի վեր ի զօրու է։ Պրն. Քէնէտիի թելադրութեան համաձայն, յառաջիկայ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին, 20 առ հարիւր համեմատութեամբ պիտի ջնջուի քոթան, մինչեւ որ հինգ տարուան ընթացքին բոլորովին վերջ գտնէ։ Քոթայի դրութիւնը խիստ կերպով կը սահմանափակէր Ամերիկա ներգաղթը  եւ յաճախ քննադատուած է բնակչութեան մեծ աճումէն տառապող օտար երկիրներու կողմէ։ Քոթայի դրութեան ջնջումէն առաւելապէս պիտի օգտուի Իտալիա, ուրկէ ցարդ միայն 5500 հոգի կրնան Ամերիկա գաղթել։ Այս թիւը կրնայ մինչեւ 16.000 բարձրանալ։ Նախագահական օրինագիծը կþառաջարկէ տարեկան մինչեւ 165.000 հոգիի ներգաղթը արտօնել, առանց երկրի կամ ծագումի խտրութեան սակայն, առանց ներգաղթողի ընտրութիւնը պատահականութեան ձգելու։ Մասնաւորաբար կ'առաջարկէ վերջ  տալ՝ ասիական ծագումով ժողովուրդներու դէմ ներգաղթի սահմանափակումներուն։ Գոնկրէսի շրջանակներուն մէջ նախագահական այս առաջարկը  դիւրաւ ընդունելի չի նկատուիր, գէթ ընթացիկ տարուան համար, իսկ մասնաւոր դժկամութեան կը հանդիպի Ներկայացուցչական Տան կողմէ։ Նախագահ Քէնէտի 1956-ին հրատարակած էր գրքոյկ մը, որուն մէջ «ստիպողական անհրաժեշտութիւն» կը նկատէր ներգաղթի նոր օրէնք մը, որ պիտի ծառայէր Ամերիկայի ազգային շահերուն եւ պիտի համապատասխանէր մարդկայնական սկզբունքներուն։ Նախագահ Քէնէտի իր յիշեալ առաջարկով, յանձնարարական մըն ալ ուղղած է՝ ներկայացուցչական Տան խօսնակ Ճոն Ու Մաք Քորմիքի։