- Պաղտատի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց թէ՝ Յուլիս 3-ի ապստամբութեան փորձին մասնակցած ըլլալու ամբաստանութեամբ իրաքեան մայրաքաղաքին մէջ, գնդակահարուած են 19 զինուորներ եւ կախաղան հանուած՝ 2 քաղաքացիներ։ Պաղտատի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց նաեւ՝ թէ

կառավարութիւնը հանրապետութեան թշնամիներուն ազդարարած է թէ արթուն կը հսկէ եւ երկաթեայ բռունցքով պիտի ջախջախէ բոլոր անոնք՝ որոնք հանրապետութեան շահերուն դէմ կը գործեն։

 

- Մոսկուայի մէջ, առաջին փոխ-վարչապետ պրն. Անասթաս Միկոյեան, որ ներկայիս 67 տարեկան է, մէկ քանի օր առաջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ անհանգստութեան հետեւանքով։ Պրն. Միկոյեան Յուլիս 20-ին երբ ներկայ գտնուած էր  ցուցահանդէսի մը բացման, ներկաները նկատած էին թէ անոր երեւոյթը լաւ չէր։ Սովիէթ փոխ-վարչապետը անցեալ Մայիսին, Գուպայի վարչապետ պրն. Ֆիտէլ Քասթրոն ընդունելու համար Մուրմանսկ երթալէ քիչ ետք հիւանդացած էր։ Դիւանագիտական աղբիւրներէ այն ատեն յայտարարուած էր թէ՝ պրն. Միկոյեան ծանր տեսակի կրիփէ վարակուած էր։ Ուրիշներ ալ յայտարարած էին թէ՝ սովիէթ փոխ-վարչապետը երիկամներու հիւանդութենէ կը տառապէր։ Ամէն պարագայի մէջ, պրն. Միկոյեանի ինչ հիւանդութենէ տառապիլը չիմացուեցաւ։

- Միացեալ Նահանգներու ի նպաստ լրտեսութեամբ ամբաստանուած չորս Գուպացիներ յեղափոխական ատեանին կողմէ մահուան դատապարտուելով գնդակահարուեցան։ Ուրիշ երեք ամբաստանեալներ 20-ական տարի բանտարկութեան դատապարտուեցան եւ մէկ հոգի ալ՝ 12 տարուան։

- Կիպրոսի եւ Լեհաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ առեւտրական համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ Կիպրոս Լեհաստանի պիտի տայ լեմոն, նարինջ ու զանազան մետաղներ եւ փոխարէնը պիտի ներածէ թուղթ, կրաքար, խողովակ եւ ատաղձ։