7 Օգոստոսին Աթէնքի Սթատին մէջ սկսաւ Սկաուտական 11-րդ համաշխարհային ճամբարին փառատօնը, աւելի քան 70 հազար աթենացիներու ներկայութեան։ Ամբողջ մայրաքաղաքը կը պարզէր տօնական երեւոյթ մը։ Սթատը շրջապատող պարիսպի ձողերուն վրայ կը ծածանէին 90 ազգերու դրօշները, որոնց կարգին նաեւ մեր եռագոյնը։ Փառատօնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին արքայական ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Տիեզերական պատրիարք Աթինաղորաս սրբազան եւ Աթէնքի ու համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Խրիսոսթոմոս սրբազան՝ իրենց հետեւորդներով։ Ներկայ էին նաեւ կրթական նախարար պրն. Սթրաթոս եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներ եւ ներկայացուցիչներ։ Պաշտօնական հիւրերու կարգին տեղ գրաւած էին Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. եւ Ֆրանսայի Հայ Արիներու պետ տոքթ. Գուրգէն Մեծատուրեան իր ընտանիքով։ Քանի մը նուագախումբեր անընդհատ կը հնչեցնէին զանազան քայլերգներ։ Փառատօնը սկսաւ 90 ազգերու պատկանող սկաուտական խմբակներու տողանցքով։ Իւրաքանչիւր խմբակ կþառաջնորդուէր ցուցատախտակով մը, որուն վրայ գրուած էր իր պատկանած երկրին անունը։ Խըմբակները զգեստաւորուած էին իրենց ազգային տարազներով, ինչ որ շատ տպաւորիչ էր։ Այբուբենական կարգով Հայ Արիները կուգային տողանցող 90 ազգերուն մէջ չորրորդը։ Մեծափառ Եռագոյն մը՝ շրջանակուած ոսկեթելերով, կը ծածանէր հայկական խմբակին առջեւ։ Բոլոր խմբակներուն մէջ միակն էր մերինը, որ իր մէջտեղը ունէր նաեւ Արենուշ մը, զգեստաւորուած՝ հայուհիի տարազով։ Տողանցքէն ետք, սկսան սկաուտական խաղերը։ Զանազան երկիրներու պատկանող սկաուտներ, իրենց ազգային տարազներով ներկայացուցին իրենց երկիրները յատկանշող պատկերներ եւ խաղեր։ Ամբողջ աշխարհ մըն էր որ կը ներկայացուէր Աթէնքի Սթատին մէջ։ Աշխարհ մը սիրոյ, եղբայրութեան, խաղաղութեան նշանաբաններով միացած մէկ դրօշի՝ սկաուտական դրօշի տակ։