Յունաստանէն Գանատա հաստատուած մեր ընկերներն ու բարեկամները, իսկապէս մեզ կը յուզեն, մեր թերթին հանդէպ իրենց ցոյց տուած ջերմ համակրանքի արտայայտութիւններով։
Մոնթրէալ, Համիլթըն, Տիթրոյթ եւ Թորոնթօ քաղաքները հաստատուած մեր ընկերներու, նախկին ընթերցողներու, եւ գանատաբնակ մեր ազգակիցներու կողմէ «Ազատ Օր»ի ֆոնտին ի նպաստ եղած նուիրատուութիւններու ցանկերը հրատարակուեցան, յայտնելով մեր սրտագին շնորհակալութիւնները անոնց, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով կուգան իրենց համակրանքն ու սէրը յայտնել «Ազատ Օր»ի հանդէպ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան Թեսաղոնի կէի «Դանիէլ Վարուժան» խումբը, գիտակից իր կոչումին՝ ընտանեկան երեկոյթ մը սարքած էր Խանասորի Արշաւանքի 66-րդ տարեդարձին առթիւ, ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց խիզախութեամբ եւ քաջութեամբ մեր նորագոյն պատմութեան շքեղագոյն էջերը գրեցին 1897 Յուլիս 25-ին։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ տեղւոյս «Մաքետոնիքոն Սբուտոն» շէնքի դալար տանիքին վրայ, ուր փութացած էին մեր հայրենակիցները, իրենց յարգանքի տուրքը տալու համար մեր ֆետայիներուն։ Երեկոյթը բացաւ ընկ. Մայտա Տէրանեան, որմէ վերջ գործադրութեան դրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։ Յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ Արաքսի Աբէլեան, Յակոբ Գասապեան եւ Շաքէ Կուսիկեան։ «Դ. Վարուժան» խումբի կողմէ ուղերձ մը կարդաց ընկ. Վահէ Աւետիսեան, որ Խանասորի Արշաւանքի պատմականը ընելէ վերջ յարգանքի խօսք ուղղեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ իր խիզախութեամբ փրկեց հայ ժողովուրդի պատիւը։ Ապա խօսելու հրաւիրուեցաւ ընկ. Լեւոն Ճլկունի, որ թուեց Խանասորի Արշաւանքին ծնունդ տուող պատճառները եւ անոր ունեցած հոգեբանական ազդեցութիւնը մասնաւորաբար այդ շրջանին հայ ժողովուրդի ինկած բարոյական կորովը բարձրացնելու տեսակէտէն։