ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը հետեւեալ նամակը ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետիի, «Գերեալ ազգերու շաբաթ»ին առիթով.-

«Հայ Դատի յանձնախումբս ձեզի կը յայտնէ իր շնորհակալութիւնները՝ «Գերեալ ազգերու շաբաթ»ի ձեր յայտարարութեան առթիւ: «Ազատ հայ մամուլը արձագանգ եղած է արդէն մեր յայտարարութեան, որ ազատատենչ մեր ժողովուրդին կողմէ խանդավառ ընդունելութիւն գտած է: «Ձեր յայտարարութեան այն հատուածը, որ անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի նուիրականութիւնը եւ կը շեշտէ ազատութեան պայմանագրական կարեւորութիւնը՝ մեզի կ՛ընծայէ ամէն երաշխիք, թէ ոչինչ փոխուած է ամերիկեան քաղաքականութեան հիմնական ձգտումին մէջ, ապահովելու բոլոր մարդոց եւ ժողովուրդներու անկախութիւնը եւ ազատութիւնը.- ասոնց կարգին՝ յատկապէս Խորհրդային Միութեան կողմէ բռնի ուժով գերուած ոչ ռուս ազգերու ազգային անկախութիւնը: «Ձեր յայտարարութիւնը նպաստ մըն է համաշխարհային խաղաղութեան դատին եւ Միացեալ Նահանգներու ապահովութեան»:


Ա
պօրինի եւ «անաշխատ» միջոցներով շին-    ւած տուները եւ կամ ամարանոցները «անվճար կերպով պետականացնելու՝ որոշում տրուած էր անցեալ տարի, Հայկական Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ։ Հակառակ տրուած որոշումին եւ հրահանգին, «այդ ուղղութեամբ բացարձակապէս ոչինչ չէ կատարուած», դիտել տրուած է Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ժողովին մէջ։

Առողջարաններու մէջ այս տարի իրենց արձակուրդը պիտի անցնեն 31.000 անձեր, իսկ մօտ քառասուն հազար երախաներ ալ՝ երիտասարդական ճամբարներու մէջ։ Առողջարաններու եւ ճամբարներու մէջ ստեղծուած են յարմարաւէտ պայմաններ։ Այս ուրախալի լուրերը տալէ ետք «Սովետական Հայաստան» իր խմբագրականով կը խօսի սնունդի կազմակերպման գործին մէջ գոյութիւն ունեցող լուրջ թերութիւններու մասին։