(Շար.)
Մեծ ուշադրութիւն կ'ընծայուի եւ խնամք կը տարուի տղոց սննդարար ու համեղ ճաշացուցակին, որ քննուած ու վաւերացուած է Կրթ. նախարարութեան կողմէ։
Նաեւ մեծ ուշադրութիւն կþընծայուի տղոց առողջութեան եւ մաքրութեան։ Բոլոր տղաքը կ'անցնին բժշկական ընդհանուր քննութենէ եւ բժիշկին ցուցմունքով ու թելադրութեամբ, տկարները մասնաւոր սնունդի ու խնամքի առարկայ կը դառնան։ Վերջապէս, անվարան կարելի է ըսել թէ՝ Հ. Կ. Խաչի կազդուրման կայանը ամէն յարմարութիւններով օժտուած կայան մըն է, ուր տղաքը ամիս մը քաղաքի ժխորէն ու ապականած մթնոլորտէն հեռու, կը շնչեն մաքուր օդ, կը կազդուրուին ու կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն։ Բաղդատելով քանի մը տարի առաջուան հետ, կարելի է ըսել թէ՝ իսկապէս հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրած է Հ. Կ. Խաչի կազդուրման կայանը։ Եւ խորհիլ, որ ոչինչով սկսուած է այս գործը եւ կը շարունակուի Հ. Կ. Խաչի համեստ պիւտճէով ու մեր աննման ժողովուրդի լումայով՝ յօգուտ մեր նորահաս սերունդին։
(Վերջ)
Աթէնքի Պետական Նուագախումբը, այս գիշեր, Ակրոպոլիսի ստորոտը, Օտիոն Իրոտու Աթթիքուի մէջ կուտայ իր վեցերորդ համանուագը՝ ղեկավարութեամբ նուագախումբի տնօրէն պրն. Անտրէաս Բարիտիսի։ Իբրեւ մենակատար, համանուագին պիտի մասնակցի տաղանդաւոր երկգչուհի օր. Արտա Մանտիկեան, որ յատկապէս հրաւիրուեցաւ Լոնտոնէն։ Օր. Մանտիկեան պիտի երգէ Կլիւքի «Տիվինիթէ տիւ սթիքս»ը եւ Ռավէլի «Շեհրազատ»էն «երեք քերթուած՝ երգի եւ նուագախումբի համար»ը։ Վստահ ենք որ, աթենահայ արուեստասէրները պիտի փութան Իրոտու Աթթիքուի ամփիթատրոնը ծափահարելու համար տաղանդաւոր երգչուհին։ Օր. Մանտիկեան Աթէնք պիտի մնայ մինչեւ Սեպտեմբեր եւ ապա պիտի մեկնի դէպի Զուիցերիա, Ֆրանսա եւ Անգլիա։
ԹԱՍ գործակալութիւնը հաղորդեց թէ՝ Հայաստանի երկրագործութիւնը մեծ վնասներու ենթարկուած է երկու ամիս անդադար շարունակուած անձրեւներու հետեւանքով։