• Սեպտեմբերի 17-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի նորակազմ խումբը, ձմեռնային շրջանի դասակարգային մրցումներու առաջին յաղթանակը ապահովեց, Քորիտալոսի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ, մրցելով Ֆալիրիքոն խումբին դէմ: Խաղը վերջացաւ 2-0 արդիւնքով ի նպաստ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին: Խումբը հետեւեալներէ բաղկացած էր.- Օննիկ Շանկայեան, Հրանդ Վարդանեան, Սեդրակ Փոստաճեան, Աբրահամ Պօղոսեան, Աւետիս Շիրինեան, Աբրահամ Աբրահամեան, Վարդան Զարդարեան, Յարութիւն Արապեան, Կարապետ Չալեան, Կարօ Աւագեան եւ Կարպիս Ունճեան:


  • Սթրազպուրկէն կը հեռագրեն թէ՝ Եւրոպական Երեսփոխանական Ժողովը, որ 142 անդամներ ունի, միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Միացեալ Շուկային Յունաստանի անդամակցութիւնը: Միայն մէկ ձեռնպահ եղած է: Այս անդամակցութիւնը, որ մաքսային միութեան բնոյթ կը կրէ, 12-էն 22 տարուան փոխանցման շրջանէ մը յետոյ պիտի վերածուի տնտեսական միութեան: Անցեալ Մարտ 30-ին մենագրուած եւ Յուլիս 19-ին գործադրութեան դրուած համաձայնութեան հիման վրայ, 12 տարուան ընթացքին, Յունաստանի մէջ, մաքսատուրքերը աստիճանաբար պիտի ջնջուին այն ապրանքներուն համար, որոնք չեն արտադրուիր երկրին մէջ եւ 22 տարիէն՝ այն ապրանքներուն համար, որոնք ներկայիս կը պատրաստուին Յունաստանի մէջ:


  • Սեպտեմբերի վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը, իր աշխատանքներուն սկսաւ, խոր սուգի մթնոլորտի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Տակ Համարշուլտի ողբերգական մահւան պատճառով: Նիստը ձեւական եղաւ եւ տեւեց միայն երեք վայրկեան: Նիստը յետաձգուեցաւ յաջորդ օրուան որպէսզի պատուիրակութիւնները ժամանակ ունենան հանգուցեալ ընդհանուր քարտուղարի յաջորդի մասին մտածելու: Հաւանական է որ, ընդհանուր քարտուղար ընտրուի թունուզցի պրն. Մոկի Սլիմ: