«Մարզասէր»ը կը գրէ. Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերակենդանացման շրջան մը կը բոլորէ վերջերս։

Վարչութիւնը նոր հիմերու վրայ վերակազմեց ֆութպոլի խումբը, իր խնդրանքին վրայ եւ իր վարչութեան ժրաջան անդամ՝ եղբ. Տ. Սրապեանի միջնորդութեամբ, տղոց մարզիչի պարտականութիւնը սիրայօժար ստանձնեց պրն. Վլասին, որ անշահախնդրօրէն շաբաթը երկու անգամ կուգայ ու կը մարզէ տղաքը։ Հելլէն մարզիչին ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ իր մարզական կարողութիւնը, շուտով նախատեսուած արդիւնքը տուաւ մեր երիտասարդներուն մօտ։ Եւ այսօր ուրախութեամբ կը տեսնենք բոլորուիլը Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին շուրջ երիտասարդներու, որոնք բոլորովին հեռու էին հայկական շրջանակներէ։ Իսկապէս ուրախալի է տեսնել ստուար թիւով երիտասարդներ, որոնք իրենց հանգիստի ժամերը զոհած, կուգան ու կը մարզուին իրենց մարզիչին թելադրանքներուն տակ, մեծ եռուզեռ ստեղծելով Զաւարեանի բակին մէջ։ Մեր տղոց աշխատանքը սկսաւ իր պտուղները տալ։ Վերջին երեք Կիրակիները, անոնք ունեցան բարեկամական հանդիպումներ յունական խումբերու հետ եւ ձեռք բերին խիստ պատուաբեր արդիւնքներ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղաքը բոլոր մրցումներուն միշտ վերելք ունեցան եւ ցուցաբերեցին մարզական ոգի, ջերմապէս գնահատուելով հելլէն մարզասէրներէն, իրենց պարկեշտ եւ ազնիւ խաղարկութեամց համար։ Այս բոլորէն վերջ, մեծ խրախուսանք մը եղաւ տղոց համար պրն. Ճոն Շերպէթեանի ազնիւ ժեսթը, խումբին նուիրելով 12 զոյգ լաւագոյն կօշիկներ։ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէ.- Ա. Արապեան, Յ. Այանեան, Ա. Շիրինեան, Ս. Փոստաճեան, Գ. Ասիլեան, Յ. Արապեան, Կ. Չալեան, Կ. Ունճեան, Ա. Ղազարեան, Գ. Պաղուանդեան, Հ. Վարդանեան, Գր. Մովսէսեան, Յ. Մովսէսեան եւ Գր. Փափազեան։ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը պարտք կը զգայ հրապարակաւ իր շնորհակալութիւնը յայտնել իր անկեղծ բարեկամին ՝ մարզիչ պրն. Վլասիին, որ առանց նիւթական ակնկալութեան, կարճ ժամանակիմիջոցի մէջ, մեր խումբը հասցուց ակնառու դիրքի մը։