Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Գթութեան Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, ասկէ հինգ տարի առաջ, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր Ս. Խաչի տօնին առթիւ, ուխտագնացութիւն մը կազմակերպելու դէպի Գավալա, տեղւոյն համանուն եկեղեցիին  ի յարգանս: Ձեռնարկի յաջողութենէն քաջալերւած, ամէն տարի, Ս. Խաչի տօնին, Գթութեան Խաչի

Շրջ. վարչութիւնը կը կազմակերպէ այս ուխտագնացութիւնը: Կիրակի  առաւօտեան ժամը 6:30-ին, երկու փուլման, 80 մեծ եւ մօտաւորապէս 10-12 փոքրեր, 5-6 անձնական ինքնաշարժներ եւ Աթէնքի Երիտասարդացի փուլմանը (35 հոգի) ճամբայ ելանք: Նաեւ իրենց ինքնաշարժներով՝ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ներսէս Յակոբեան եւ վարչութեան անդամ՝ պրն. Յակոբ Յովակիմեան: Ամէն կառքի մէջ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէր:  Երբ որ Գավալա հասաւ խումբը, արդէն Քսանթիէն, Գոմոթինիէն եւ Տրամայէն հասած էին ուխտաւորները: Դպրաց  դասը կը ղեկավարէր Գոմոթինիէն՝ պրն. Յակոբ Գալայճեան: Պատարագը ու օրուան քարոզը  կատարեց յունահայոց առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպիսկոպոս: Եկեղեցական արարողութեանց աւարտումէն ետք, առատ մատաղ եւ               հացիկներ բաժնուեցան ուխտաւորներուն: Յաջորդաբար Գավալայի Պատ. Թաղ. Խորհուրդը   առաջնորդեց  խումբը ծովեզերայ կեդրոն մը, ուր յայտագիր մը գործադրուեցաւ: Խօսեցան՝ Յարութիւն Մեքթուպճեան, Կարապետ Գալֆայեան, Մաննիկ Պէօրէքճեան: Արտասանեցին՝ Սոնա Պէօրէքճեան, Արաքսի Աբէլեան, Մատլէն  Տողրամաճեան, Չիլինկիրեան եւ Գալայճեան: Կարպիս Վարդանեան՝ կիթառով մի քանի մեներգներ ըրաւ: Աթէնքի Համազգայինի երգչախումբը  խմբերգներ երգեց: Աթէնքի Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ներսէս Յակոբեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց ներկաները: Գավալայի Թաղ. Խորհուրդոյ ատենապետ պրն. Տիգրան Պլէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուխտաւորներուն եւ հրաւիրեց որ յառաջիկայ տարի եւս ներկայ ըլլան: «Յառաջ  նահատակով» փակուեցաւ հաւաքոյթը: