• Հայ տարագիրներու նոր խումբ մը Պէյրութէն    հասաւ Նիւ Եորք մասնաւոր օդանաւով: Նորեկները 54 հոգի էին: Սան Ֆրանչիսկոյէն ԱՆՉԱ-ի նախագահ պրն. Ճորճ Մարտիկեան եւ փոխ նախագահ պրն. Սուրէն Սարոյեան, մասնաւորապէս եկած էին նորեկները դիմաւորելու: Ներկայ էին «Այգ» թերթի խմբագրապետուհի եւ ԱՆՉԱ-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ տիկին Լ. Թոսպաթ եւ Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչները՝ տիկին Ա. Փափազեան եւ տիկին Զ. Սերոբեան, ինչպէս նաեւ Չըրչ Ուորլտ Սրվիսի ներկայացուցիչները, որոնք կÿօժանդակեն ԱՆՉԱ-ի, նոր տարագիրները փոխադրելու գործին մէջ: Պրն. Ճորճ Մարտիկեան բարի գալուստ մաղթեց նորեկներուն: Ան ըսաւ թէ՝ Ամերիկա իր դռներն ու սիրտը բացած է նորեկներուն առջեւ: Աւելցուց թէ՝ Ամերիկա ակնակալութիւն մը ունի այս նորեկներէն, անոնք պէտք է շարունակաբար յիշեցնեն Ամերիկահայերուն թէ՝ իրենց այս երկիրը կÿապրի իս-կապէս ազատ: Մասնաւոր ինքնաշարժներով, նորեկները առաջնորդուեցան Մայր եկեղեցի, ապա գիշերը, ճաշ մը տրուեցաւ իրենց: Յաջորդ օրը նորեկներուն խօսեցան գեր. Տ. Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, պրն. Ճորճ Մարտիկեան, տիկին Սերոբեան եւ տիկին Լուսի Թոսպաթ:

  • Երեւանցիները թարմ բանջարեղէնով ապահովելու համար քաղաքի հարաւային ծայրա-մասին մէջ շինուելու վրայ է նոր, խոշոր ջերմատուն մը: Ջերմանոցներուն համար յայտարարւած հողամասը ունի հողային եւ կլիմայական բարենպաստ պայմաններ: Հողը պիտի մշակուի նորագոյն թէքնիքի բարձր միջոցներով ու լայնօրէն պիտի օգտագործուին կլիմայի պայմանները, յատկապէս արեւին ճառագայթները: Մշակելի հողերը տաքցնելու համար պիտի օգտագործուին նաեւ Երեւանի ջերմաելեկտրակայանը, բնական կազը եւ գործարաններէն հոսող տաք  ջուրերը: Այս տարի Երեւանցիներուն պիտի հայթայթէ երկու հարիւր թոն բանջարե-ղէն: Գալ տարի արտադրութիւնը պիտի ըլլայ՝ աւելի շատ՝ վեց հարիւր թոն: