«Սով. Հայաստան»ի Յունիս ութի թիւին մէջ,    երեւանցի մը՝ Վ. Բաղդասարեան շատ ցաւալի իրողութիւն մը կը մատնանշէր.- Վերադաս մարմիններուն անկազմակերպութեան պատճառով «Յունիսեան այս օրերին Երեւանի ոչ մի խանութում թարմ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն չկայ»:

Գարնան ամիսներուն, կ՛աւելցնէ յօդուածագիրը, «խանութները լեցուած էին սպանաղով» միայն: Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի ապագայ գործունէութեան մասին երկար զեկուցում մը տուած է ակադեմական Վ. Համբարձումեան, Յունիս ութին Երեւան գումարուած ակադեմիայի ընդհ. ժողովին: Այսուհետեւ, շեշտած է հայ ակադեմականը, Հայաստանի դիտական եւ հետազօտական հիմնարկութիւնները պէտք է իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն տեսաբանական եւ ժողովրդական տնտեսութեան հետ կապ ունեցող հարցերու քննութեան վրայ, մանաւանդ, պատրաստեն մասնագէտներու ընտրանի մը: Ակադեմականը ընդգըծած է, թէ կարգ մը գիտական հիմնարկութիւններ մեծ գումարներ կը մսխեն շատ քիչ արդիւնք տուող եւ օգտակարութիւն ունեցող հարցերու քննութեան համար: Վ. Համբարձումեանի կարծիքով, Հայաստանի եւ այլ հանրապետութիւններու ակադեմիաներուն ձեռք ձգած արդիւնքները «մի քանի անգամ ցած է Խորհ. Միութեան ակադեմիային գործունէութեան բաղդատմամբ»: Այսուհանդերձ, կարգ մը ճիւղերու մէջ, ինչպէս օրինակ, աստղագիտութիւն, հայագիտութիւն, ուսողութիւն, երկրաբանութիւն, քիմիագիտութիւն եւ այլն, լուրջ հետազօտութիւններ կը կատարուին Հայաստանի մէջ:

 

Երկու հազար թուականին, այսինքն, երեսունեօթը տարի վերջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն պիտի ունենան աւելի շատ անձնական ինքնաշարժներ, քան չափահաս մարդիկ: Բնակչութեան աճումը, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց, 180 միլիոնէն հասած պիտի ըլլայ 331 միլիոնի: Ամերիկեան ընտանիքի մը միջին եկամուտը հասած պիտի ըլլայ տարեկան տասնմէկ հազար տոլարի: