Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակը յաւերժացնելու նպատակով Մխիթարեան տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Ս. Ղազարու մատենադարանի ձեռագրերու մանրանկարներուն գունատիպ հրատարակութիւնը՝ շքեղ ու հարազատ արտատպումներով, յառաջաբանով եւ ուսումնասիրութեամբ:
Ինչպէս ծանօթ է գիտական աշխարհին, Ս. Ղազարու մատենադարանը հարուստ է մեծանուն մանրանկարիչներու գլուխ գործոցներով. ունի Վանի, Տրապիզոնի, Հաւուց Թառի, Գլաձորի, Սկեւռայի, Հռոմկլայի, Տաթեւի, Սպահանի, Ղրիմի, Լվովի, Պոլսոյ մեծագոյն վարպետներու վրձինով գունագեղուած ոսկենկար սքանչելի էջեր: Ներկայ հրատարակութեան մէջ, դարերու եւ նկարչական հոսանքներու յստակ բաժանումներով, պիտի ներկայացուին ընտրելագոյն նմուշները հայկական մանրանկարչութեան, Ժ. դարէն մինչեւ ԺԸ. դար, ըստ Արեւելեան Հայաստանի՝ Կիլիկեան շրջանի եւ հին սփիւռքի մանրանկարչական զանազան դպրոցներու արտադրութեանց: Հոն պիտի յայտնուին Կոստանդին Սկեւռացի, Իգնատիոս մանրանկարիչ, Թորոս Տարօնեցի, Սարգիս Պիծակ, Նաղաշ եւ այլն, իրենց լաւագոյն գործերով եւ կենսագրական գիծերով: Հրատարակութիւնը պիտի կատարուի չորս լեզուով՝ հայերէն, իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Հատորին ծաւալը պիտի ըլլայ 30 – 40 հրդմ. 4, ընտիր թուղթի վրայ:
Պատկան մարմինները վերջ տալու համար Կրասնոսելով (Հայաստան) գիւղին մէջ կատարուող կրօնական ծէսերուն ու մանաւանդ՝ տեսնելով, որ կրօնական հաւատքը լայն արմատներ կը ձգէ «ոչ միայն կիսագրագէտ տարիքաւոր մարդկանց, այլեւ պատանիների ու աղջիկների մէջ», անաստուածական դասախօսութիւններու շարք մը կազմակերպած են եւ այդ առիթով ցուցադրած՝ նաեւ հակակրօն բովանդակութիւն ունեցող ժապաւէններ. - «Կախարդի աղջիկը», «Սատանայական ժողով», «Խոստովանանք» եւ այլն: Միայն այս տարուան ընթացքին գիւղերուն մէջ եղած են «աւելի քան հարիւր դասախօսութիւն ու զեկուցում»՝ հակակրօնական բնոյթով: