Բնութիւնը՝ տարածութեամբ փոքր արդի Հայաստանին շնորհած է օգտակար հանածոներու գանձարան մը:

Բազմաթիւ եւ բազմազան օգտակար հանածոներու շարքին, իրենց արտակարգ գեղեցկութեամբ, երանգներով, դիւրին  յղկուելու առաւելութեամբ, տոկունութեամբ եւ այլ յատկանիշներով Հայաստանի մարմարները աշխարհահռչակ համբաւի տիրացած են: Այս մարմարները հինէն ի վեր ծանօթ էին: Արդիական միջոցներով մարմարներուն օգտագործումը սկսաւ 1930-ին, երբ հիմնուեցաւ «Հայմարմար» գործարանը, որուն արտադրութիւնը տեղական պահանջները բաւարարելէ զատ, մեծ ընդունելութիւն գտաւ օտար երկիրներու մէջ ալ: Մոսկուայի ընդուղի հանրակառքերու կայարանները զարդարուած են Հայաստանի մարմարով, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Ռուսիոյ բազմաթիւ կառավարական հաստատութեանց շէնքերը: Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան մարմարի 16 մեծ ու փոքր հանքեր: Ասոնք կը բաժնուին չորս խումբերու, առաջին՝ լրիւ բիւրեղացած մարմարներ, երկրորդ՝ մարմարի նմանող կրաքարեր, երրորդ՝ օնիքսանման մարմարներ եւ չորրորդ՝ մարմարի նմանող կրաքարներու տեսակ մը: Այս բոլոր մարմարներուն տեսակներուն պաշարը անսպառ է: Լրիւ բիւրեղացած մարմարները մէջտեղ եկած են խութային կրաքարերու հաշւոյն՝ երկրաբանական բարդ եւ երկարատեւ հոլովոյթներով, երբեմն ալ տարբեր պայմաններով, ինչպէս՝ ճնշում, ջերմութիւն եւ այլն: Արդի Հայաստանի մէջ այս ձեւի մարմարներ կազմուած են 500-600 միլիոն տարի առաջ: Սպիտակ եւ մոխրագոյն այս մարմարներուն տեսակները իրենց կառուցուածքով փոքր եւ միջահատիկ են, սքանչելի կը սղոցուին, կը  յղկուին եւ կը փայլեցուին: Մարմարի նմանող կրաքարերը մեծ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուած, լրիւ բիւրեղացած չեն: Մուգ ու բաց զարդագիծերը գոյներու եւ բրածոյ մնացորդներու գեղեցիկ տպաւորութիւնը կը ձգեն դիտողներուն վրայ: Օնիքսանման մարմարները սովորական մարմարներ չեն, այսուհանդերձ օժտուած են գոյներու հարուստ համադրութեամբ եւ կը գործածուին մանրաքանդակագործութեան եւ գեղարուեստական առարկաներու արտադրութեան մէջ: