Հայ եւ պելճիքական յարաբերութիւններու հիմնադիրը եղած է Անտիոքի Մակար եպիսկոպոս, 11-րդ դարուն: 1011-ին, Մակար եպիսկոպոս անցնելով Կանա, ընդունուած է Ս. Պաւոն աբբայարանին մէջ:

Կը պատմուի, թէ ան Էսքօ գետի շրջանին մէջ հրաշագործութեամբ բազմաթիւ տեղացիներ փրկած է ժանտախտէն: Մինչեւ այսօր Ապրիլին կը տօնուի Ս. Մակարի տօնը: 14-րդ եւ 15-րդ դարերուն հայ եւ պելճիքական յարաբերութիւնները նոր զարգացումներ կ՛արձանագրեն, մանաւանդ Խաչակիրներէն ետք: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետքն է, որ գլխաւորաբար հայերը հաստատուած են Պելճիքայի մէջ: Առեւտրականի եւ ձեռներէցութեան տաղանդն ու ոգին ազատ ասպարէզ գտնելով՝ հայերը ներկայիս հասած են նախանձելի դիրքերու: Գլխաւորաբար կը զբաղին առեւտուրով, ճարտարարուեստով եւ ճարտարագիտութեամբ: Չկայ հայ մը, որ ուրիշի աջակցութեան կարօտ ըլլայ: Ծխախոտի ճարտարարուեստի զարգացման մէջ կարեւոր դեր մը ունեցած են հայերը: «Տաւրոս» եւ «Արաքս» հայկական անուններով ծխախոտներ կան: Գնահատուած ծխախոտ է նաեւ «Պասթոն»ը, որուն գործարանին տնօրէնը հայ մըն է: Պելճիքահայ գաղութը կը բաղկանայ 900 հոգիէ. գլխաւորաբար կեդրոնացած են Պրիւքսէլի եւ Սնվէնսի մէջ: Ցիրուցան հայեր կան նաեւ Լիէժ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Պելճիքահայը խորապէս հայրենասէր, այսուհանդերձ հայ քաղաքներու մէջ ցրուած ըլլալով, մշակութային եւ ազգային կեդրոնացեալ կեանք չունի: Տարին քանի մը անգամ միայն հոգեւոր գոհացում կը ստանայ: Գաղութը ունի «Պելճիքահայ գաղութային վարչութիւն մը»: Վերջերս ծրագրած է սեփական ակումբ մը բանալ: Որքան ալ համադրեալ ջանքերով աշխատանքներ կատարուին, նորահաս սերունդները սակայն, չեն գիտեր իրենց մայրենի լեզուն: Միջին Արեւելքէն գացած հայ ուսանողներն են, որ կամաւորաբար կը ստանձնեն քիչ մը հայերէն սորվեցնել փոքրերուն: Փոքր գաղութ մը, որ անկարելի պայքար կը մղէ՝ ազգապահպանման ի խնդիր: