Գարամանլիսի կառավարութեան հրաժարումով ծագած կառավարական տագնապը՝ իր լուծման սահմանադրական բնականոն ճամբուն մէջ մտաւ։

Վեհապետը կէսօրին իր մօտ հրաւիրեց խորհրդարանի նախագահ պրն. Ռոտոբուլոսը, որ կուսակցութեանց խորհրդարանական ուժի  մասին տեղեկութիւններ տուաւ։ Կէսօրէ ետք, վեհապետը պալատ հրաւիրեց ընդդիմադիր կուսակցութեանց պետերը՝ պրն. Բաբանտրէուն եւ Մարքեզինիսը, որոնք իրեն պարզեցին քաղաքական կացութեան ինչպէս նաեւ կարգի լուծմանց մասին իրենց տեսակէտները։ Վեհապետին հետ տեսակցելէ ետք, Կեդրոնի միութեան պետ պրն. Բաբանտրէու լրագրողներուն երկար յայտարարութիւններ ըրաւ։ Ընդհակառակը, Յառաջդիմականներու պետ պրն. Մարքեզինիս ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրաւ։ Կը նախատեսուի թէ՝ կառավարական տագնապի լուծումը քանի մը օրով պիտի ուշանայ։ Նախկին վարչպետ եւ Ազգային արմատական կուսակցութեան պետ պրն. Գարամանլիս եւս լը-րագրողներուն խօսելով՝ պարզեց վեհապետին հետ ունեցած վերջին տեսակցութեան մանրամասնութիւնները եւ պնդեց վեհապետին ըրած իր առաջարկներուն վրայ։ Քաղաքական կուսակցութեանց պետերուն կարծիքը իմանալէ եւ հանդարտօրէն զանոնք ուսումնասիրելէ ետք, նախ պիտի առաջարկէ որ Արքայական ամոլի Անգլիա այցելութիւնը իրագործուի եւ ապա՝ պիտի ձեռնարկէ ընտրական օրէնքի բարեփոխման։ Իբրեւ բոլոր կուսակցութեանց կողմէ ընդունելի քաղաքական անձնաւորութիւն կը յիշատակուի անունը Ժողովրդական կուսակցութեան պետ եւ նախկին վարչապետ պրն. Ցալտարիսի։ Ազգային Արմատական միութեան երեսփոխանները նիստ գումարեցին պրն. Գարամանլիսի բնակարանին մէջ։ Նիստի ընթացքին երեսփոխանները միաձայնութեամբ վաւերացուցին կուսակցութեան հետեւած ուղղութիւնը։ Յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխաններն ալ նիստ գումարեցին պրն. Մարքեզինիսի բնակարանին մէջ։