Կիրակի օր, Ֆիքսի նորակառոյց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ գումարուեցաւ Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան 36-րդ Պատգամաւորական ժողովը։

Ժողովի ամբողջ տեւողութեան տիրեց խանդավառ ու ներդաշնակ մթնոլորտ։ Պատգամ. ժողովին կը մասնակցէին 18 լիազօր պատգամաւորներ, 8 խորհրդակցական ձայնով հրաւիրուածներ՝ ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ տիկին Նաթալիա Լազեան եւ ընկ. Կարօ Սասունի, որոնք տասնեակ տարիներ առաջ հիմնադիրներն են եղած Յունաստանի Հ. Կ. Խաչին։ Պատգամաւորականը օրակարգի վրայ ունէր 16 կարեւոր հարցեր, որոնց շուրջ տեղի ունեցան վիճաբանութիւններ եւ որոնց մասին տրուեցան պատշաճ որոշումներ։ Կարդացուեցաւ Շրջ. վարչութեան եւ շրջաններու վարչութեանց տեղեկագիրներն ու հաշուեկշիռները, որոնցմէ ի յայտ եկաւ, որ Շրջ. վարչութիւնն ու մասնաճիւղերու վարչութիւնները ունեցած են նիւթական եւ բարոյական բեղուն գործունէութիւն։ Բոլորն ալ կատարած են յոյժ գնահատելի աշխատանք՝ խնամատարական, կրթական եւ բարեսիրական մարզերու մէջ, լիուլի արդարացնելով իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Օրակարգի բոլոր հարցերու աւարտումէն ետք, Պատգ. ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ յառաջիկայ տարեշրջանին համար ընտրեց նոր Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալներէ. Տիկիններ՝ Ներսէսեան, Պէրպէրեան, Գոհարունի, Գարագաշեան, Քէօթէլեան, Դանիէլեան, Կիւզէլեան, ինչպէս նաեւ պարոններ՝ Տիւզեան եւ Արշակունի։ Ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին նորընտիր վարչութիւնը մաղթելով ուժ եւ կարողութիւն, ու յաջողութիւն իր բոլոր աշխատանքներուն։ Պատգ. ժողովը նոր Շրջ. վարչութեան ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը կարեւոր կէտեր, որոնք պիտի սատարեն Հայ Կապոյտ Խաչի կենսունակութեան ու  գործունէութեան։ Բոլոր ներկաներու մասնակցութեամբ երգուեցաւ Հ. Կ. Խաչի քայլերգը, ու ներկաները մեկնեցան այն գեղեցիկ հեռանկարով, թէ յառաջիկայ տարի աւելի լաւ պայմաններու տակ պիտի գումարուի Պատգ. ժողովը, ու ներկաները առիթը պիտի ունենան ծափահարելու կատարուած բոլորանուէր աշխատանքները։