Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յիշատակին նուիրուած, «Կոմիտաս» երգչախումբին տարեկան համերգը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, տեղի ունեցաւ ամերիկեան համալսարանին Չեփըլին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Երեք մասերու բաժնուած յայտագիրը, որ կազմուած էր «խմբային» եւ «առանձնական» երգերէ, կարծուածին չափ ալ վայելքի նոր երանգ մը չաւելցուց այս համերգին՝ կարենալ տալու համար առաւել եւս արժեւորող ներդաշնակութիւն մը: 

«Պապը կը շիջի դանդաղօրէն մոմի մը պէս, օրերը կապուած են կեանքի թեթեւ շունչի մը», յայտարարեց Կիրակի իրիկուն բարձրաստիճան եկեղեցական մը, այն պահուն, երբ Յովհաննէս ԻԳ կը մտնէր հոգեվարքի երրորդ գիշեր-ւան մէջ: Ժամը 23:00-ին մեծ ապաշխարահայրը՝ կարտինալ Չենթօ, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է աղօթքներ արտասանել պապի սնարին առջեւ, ներս առնուեցաւ պապական յարկաբաժինը, ուր վերջին 24 ժամերուն ընթացքին պապին անմիջական շրջապատէն դուրս ոչ ոք ընդունուած է: Այս ժամանումը ցոյց կու տայ, թէ ճակատագրական ժամը չի կրնար ուշանալ: Այսուհանդերձ, իմացանք, որ պապը կը պահէ իր պայծառամտութիւնը: Շատ կը տառապի եւ գիտակից է իր տառապանքին: Վատիկանի մօտիկները կը յիշեցնեն Յովհաննէս ԻԳ.ի հետեւեալ խօսքը՝ «Քրիստոս զիս հետը պիտի տանի գիշերը»: Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ խիտ բազմութիւն մը հաւաքուած է միշտ: Բազմութիւնը տեղեակ կը մնայ ընթացքին այն պայքարին, որ իրենց գլխուն վերեւ գտնուող սենեակին մէջ պապին տոկուն մարմինը կը մղէ մահուան դէմ: Երբ առաջին անգամ մը, կէսօրուան մօտ, վատիկանեան ձայնասփիւռը ծանոյց, թէ պապին մահը այլեւս մօտալուտ է, հետզհետէ աւելի խիտ բազմութեան մրմունջները լռեցին: Անձկալի ծանր լռութիւն մը իջաւ հրապարակին վրայ: Բոլոր աչքերը, խոր տխրութեամբ մը լեցուն, անգամ մը եւս բարձրացան դէպի այն երկու պատուհանները, որոնք փակ կը մնան, եւ որոնց ետին ողբերգութիւն մը տեղի կ՛ունենայ: