Այնճառ. Խոստման արարողութիւն.- ՀՅ Դաշնակցութեան «Յառաջ» պատանեկան միութեան շարքերը անցնող 40 պատանիներու խոստման պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ,
կոմիտէի ներկայութեամբ: Բացումը կատարեց Մովսէս Մախուլեան: Յոտնկայս երգուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»ը: Ն. Պիտանեան խօսեցաւ պատանեկան միութիւններու պարտականութեանց եւ պարտաւորութեան մասին: Խոստման արարողութիւնը կատարեց Յ. Գ. Պուրսալեան:
Ժամանում.- Քանի մը օր առաջ տեղս ժամանեցին լիբանանահայ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոսը, ամերիկահայ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Եղիշէ Յ. Մելիքեանը, Մովսէս Տէր Գալուստեանն ու Պարսկաստանի մեր ղեկավար ընկերներէն Հրայր Մարուխեան: Մեր հիւրերը այցելեցին նորակառոյց եկեղեցին, «Յառաջ» վարժարանը եւ գիւղաքաղաքիս զանազան մասերը:
Ապրիլեան սգատօն.- Ապրիլ 24-ին, Երկուշաբթի, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն՝ ապրիլեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր: Եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը տալու Մեծ եղեռնի զոհերուն, բոլոր յարանուանութիւններն ալ: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժամը 2:15-ին, տեղի ունեցաւ սգահանդէս, «Տիգրանեան» սրահին մէջ, աննախընթաց բազմութեամբ: Բոլոր խանութները փակ էին: Ամէն տեսակի աշխատանք դադար առած էր: Կը նախագահէր Թ. Հապէշեան: Հրաւիրեց ժողովուրդը, որ պահ մը յոտնկայս յարգեն մէկ միլիոնին յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ թուեց այն պատճառներն ու պարագաները, որոնց անողորմաբար զոհ գացին մեր եղբայրներն ու քոյրերը՝ բիւր բիւրաւոր:
Սգակիր հանդիսականները, տէր հօր «Պահպանիչ»էն ետք, մեկնեցան սրահէն՝ տանելով իրենց հետ մէկ միլիոնի անմահական յիշատակը…