Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով Գասարճեան վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը ժամ մը ամբողջ աշուղական երգերու վարպետներու մեղեդիները լսեցին ամէնուն ծանօթ քեմանչիստ Ռուբէնի լարերուն թրթռացումներուն ընդմէջէն:
Կոկիկ յայտագիր մը գործադրութեան դրուեցաւ՝ սկիզբն ունենալով վարժարանին «Մենք ուղեւոր» քայլերգը: Ապա հայ պանդուխտին այնքան սիրած «Ծիծեռնակը», «Մայր Արաքս»-ը, «Ազատուած Հայաստան»-ը (վարպետին հեղինակութեամբ), «Տըլէ եաման»-ը, Պեպոյի երգերը, «Հայ հովուին սրինգը», «Նուպար-Նուպարը», համով հատով «Ղափաման», քանի մը երգեր՝ «Անուշ» օփերայէն, «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»-ը, Սայաթ Նովայի երգերէն քանի մը հատ, հոգելոյս Զարեհ վեհափառին այնքան սիրած «Կիլիկիա»-ն ու վերջապէս՝ «Կռունկ»-ը, որ այնքան հարազատօրէն քեմանչայի լարերուն մէջէն կը ձայնէր պատասխանելով հայրենիքի կարօտ հոգիներուն: Մէջ ընդ մէջ աշակերտները եւս երգեցին «Նուպար-Նուպարը», «Ղափաման», «Բանակ եմ գնումը», «Չորրորդ գնդի»-ն եւ «Սիփանայ քաջերը»: Ապա յարգելի տնօրէնը քանի մը խօսքով ներկայացուց արուեստագէտը: Անցեալին յեղափոխական Ռուբէնը, ներկայիս՝ քեմանչիստ, բաժնուեցաւ մեզմէ, խոստանալով զինք ունկընդրելու առիթներ շնորհել մեր աշակերտներուն:
Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ ժամանած են 52 նոր տարագիրներ, որոնք օդակայանին մէջ դիմաւորուած են ԱՆՉԱի նախագահ պրն. ճորճ Մարտիկեանի, փոխ նախագահ պրն. Ս. Սարոյեանի, եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներ տիկիններ Արփի Փափազեանի եւ Պօղոսեանի կողմէ։ Նորեկները առաջնորդուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրահը, ուր ողջոյնի խօսք ըրած են, պրն. Ճորճ Մարտիկեան եւ տիկին Զապէլ Սերոբեան։