Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի տնտեսագիտութեան ճիւղի վարիչ Արմէն Կարապետեանի առաջարկով՝ պատրաստուած է ելեկտրոնիկ մեքենայ մը, որուն հոլովակներուն տակէն սպիտակ օձի նման դուրս կը սողայ թուղթէ երիզը։
Այդ երիզին վրայ յստակ եւ կանոնաւոր թուանշաններու շարքեր կþերեւան։ Ասիկա՝ մեքենային «խօսուն» լեզուն է։ Եւ քառորդ ժամուան մէջ, բազմաթիւ մասնագէտներու ամիսներու աշխատանքի արդիւնքին չափ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ։ Մեքենան շահեկան տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստանի բնակչութեան ապագայ թիւի, բնակչութեան տարիքներու տոկոսի համեամտութեան եւ այլ ցուցանիշներու մասին։ Մեքենային մասին գաղափար կազմելու համար պատկերացուցէք հսկայ պահարան մը՝ բազմաթիւ դարակներով, որոնցմէ ամէն մէկը ունի թիւ մը։ Թուաբանական իւրաքանչիւր գործողութիւն կը կատարուի հրահանգի ձեւով (կ'ըսեն թէ ինչպէս պէտք է կատարուի գործողութիւնը եւ ցոյց կուտան անհրաժեշտ դարակներուն թիւերը)։
Հարաւային եւ Կեդրոնական Ֆրանսայի գրե թէ սահմանին վրայ կը գտնուի Վալանս քաղաքը՝ 47 հազար բնակչութեամբ: 3500 հայեր, մեծ մասամբ խարբերդցիներ, կը կազմեն հայ գաղութը եւ հասած են բարեկեցիկ դիրքերու: Վալանսէն երեք քիլոմեթր հեռու, Մալատիր կոչուած արուարձանի երկյարկանի տուներուն մեծ մասը կը պատկանի հայերուն, որոնք ընդհանրապէս խանութներու եւ հաստատութիւններու տէրեր են: Կան նաեւ լաւ վճարում ստացող հին արհեստաւորներ: Գաղութը ունի Ազգային միութիւն մը: Իւրաքանչիւր համայնք՝ լուսաւորչական, կաթողիկէ եւ բողոքական ունի իր եկեղեցին, դպրոցը եւ հաւաքատեղին: ՀՅԴ-ի Նոր սերունդը եւ Ֆրանսայի Կապոյտ խաչի տեղական մասնաճիւղը կը կազմակերպեն ազգային ու կուսակցական տօներ եւ կը մասնակցին գաղութի համազգային ձեռնարկներուն: Համերաշխ մթնոլորտ մը կը տիրէ գաղութին մէջ: