Ջարդերու, սովի, կողոպուտի մատնուած Հա յաստանը շնորհիւ իր աննման ժողովուրդին անխորտակելի կամքին ու դիւցազնական հերոսութեան, դարերու երազը իրագործեց 28 Մայիս 1918-ին, հայրենի հողին վրայ բարձրացնելով անկախութեան դրօշը:
Նորակազմ կառավարութեան առաջին գործը եղաւ՝ իբրեւ ազատ անկախ պետութիւն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակել օտար անկախ պետութիւններու հետ՝ դեսպանութիւններ եւ հիւպատոսարաններ հաստատելով. իբրեւ արդիւնք, ան ունեցաւ իր սեփական դրամն ու դրոշմաթուղթը, մեսրոպատառ գիրերով եւ հայրենի տեսարաններով: Զանազան արժէքի 10 նամակադրոշմերու շարք մըն է երեք տարբեր պատկերներ ներկայացնող. հինգ հատը Հայաստանի Հանրապետութեան զինանըշանը կը ներկայացնեն, հեռուները դիտող սէգ արծիւ մը, լայն թեւերը տարածած, մագիլներով երկար սուր մը բռնած, թաթերուն առջեւ երկուքի բաժնուած օձ մը գալարուն վիճակի մէջ: Առաջինը սրճագոյն է եւ կ՛արժէ 1 ռուբլի. վրան հայերէն գրուած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն». իսկ վարը եւրոպական տառերով Արմինիա կը կարդաք: Երկրորդը կանաչ է եւ կ՛արժէ 3 ռուբլի: Երրորդը՝ կարմիր՝ 5 ռուբլի: Չորրորդը կապոյտ՝ 10 ռուբլի: Հինգերորդը մանիշակագոյն՝ 15 ռուբլի: Վեցերորդը եւ եօթներորդը աւանդական իլիկին առջեւ նստած հայ մամիկը կը պատկերա- ցընեն. 40 ռուբլի արժողը նարնջագոյն է, մա-նիշակագոյնը 70 ռուբլի կ՛արժէ: Հուսկ կան «Յաւիտենական Արարատ»-ը ներկայացնող երեք վերջին նամակադրոշմերը 25 (կանաչ), 50 (կապոյտ) եւ 100 (կարմիր) ռուբլի արժէքով: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանի դրոշմաթուղթերը հոս կը վերջանան, տեղի տալու համար Խ. Հայաստանի լոյս ընծայած շարքերուն, որոնք աւելի այլազան եւ առատ են բնականաբար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեանի, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, մեթր Վարդգէս Շամլեանի եւ գաւազանակիր Եզնիկ աբղ. Բալայեանի, իր անդրանիկ եւ պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի: Տեսակցութիւնը տեւեց կէս ժամ եւ անցաւ շատ սիրալիր եւ ջերմիկ մթնոլորտի մէջ: