Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած աստղագէտներու միջազգային համագումարին նախագահ ընտրուած է հայազգի հռչակաւոր աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեան: Համագումարին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Բիւրականի աստղադիտարանի վարիչներէն տոքթ. Բենիամին Մարգարեան, Մեքսիկոյէն՝ տոքթ. Մարի Փիչմիչ  իսկ Եուկոսլաւիայէն՝ տոքթ. Վահագն Ոսկանեան: Լոս Անճելըսի հայերը՝ ի պատիւ Վիքթոր Համբարձումեանի սարքած են հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին խօսած է նաեւ հայազգի հռչակաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան:

- Լենինականի օփերայի սրահին մէջ երեք օր համերգներով հանդէս եկած են Հայ ֆիլհարմոնիայի մենակատարները, որոնք կատարած են հայկական  ժողովրդական երգեր եւ հայ երգահաններու գործեր:
Տարիներու ընթացքին հազարաւորներ այցելած են Խաչատուր Աբովեանի տունը, որ թանգարանի վերածուած է գեղեցիկ մտածումով մը: Երեւանի թերթերը գոհունակութեամբ կը նշեն թանգարանի վարչութեան գործունէութիւնը՝ թանգարանը մեծցնելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ: Արդէն ձեւաւորուած եւ նոր նիւթերով հարստացուցած են «Վէրք Հայաստանի» բաժինը ու կÿաշխատին նոր բաժիններու վրայ՝ «Աբովեան եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը», «Աբովեան իբրեւ մանկավարժ», եւայլն: Թանգարանը Տարուիէն (Դորպատ) ստացած է նոր նիւթեր Աբովեանի եւ անոր ժամանակակիցներուն վերաբերեալ, իսկ Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի  թանգարանէն՝ փաստաթուղթեր, որոնց մէջ կը գտնուի Աբովեանի կնոջ՝ Էմիլիա Աբովեանի բողոքագիրը Երեւանի ոստիկանապետին՝ իր ասմունոյն անհետացման առընչութեամբ: Նիւթեր ստացած են նաեւ Մատենադարանէն: