Ամերիկահայերու երկարամեայ հոգետանջ երազը եղած էր ունենալ հայկական ուսումնարան մը:
Վիեննական Մխիթարեան միաբանութիւնը այսպիսի ծրագրի մը իրագործման համար լծուած էր գործի եւ մեծ զոհողութիւններով այսօր հասած է դրական արդիւնքներու: Երկու տարի առաջ Մխիթարեաններուն անունով հողամասը գնուած էր, որ կը գտնուի Մասաչուսեց նահանգի Իսթ Ֆալմութ գիւղաքաղաքին մէջ: Ամերիկահայ առաջին ամառնային դպրոցին բացումը պիտի կատարուի 29 Յունիս 1963-ին: Այս նոր ուսումնարանը պիտի կոչուի «Սուրբ Գրիգոր Մխիթարեան լեզուի-ուսուցման դպրոց»: Պիտի ծառայէ պատանիներու իբրեւ դպրոց եւ ամարանոց՝ նպատակ ունենալով հայ մշակոյթի եւ պատմութեան, մանաւանդ հայոց լեզուի ուսուցումը: Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող վեց շէնքերուն վրայ աւելցած են երեք նոր շէնքեր՝ 50 հազար տոլար արժողութեամբ, ուսուցիչներու եւ ծնողներու բնակութեան համար: Կը կառուցուի նաեւ մեծ դպրոցը, որ պիտի ծառայէ 100 աշակերտներու իբրեւ դասարան եւ ննջարան եւ պիտի արժէ 150.000 տոլար: Յայտնի ուսումնականներ եւ կրթական մշակներ պիտի հրաւիրուին դասախօսելու ժամանակ առ ժամանակ: Ամառնային դպրոցական շրջանը պիտի բաղկանայ ութ շաբաթներէ: Պիտի ընդունուին 8-14 տարեկան ամերիկահայ պատանիներ:
Ճշդուած ժամէն 4 վայրկեան ետք, աստղանաւորդ Կորտըն Քուփըր «Հաւատք-7» անջրպետային իր խուցին մէջ արձակուեցաւ անջրպետ, 34 ժամ երկրին շուրջ դառնալու համար 22 անգամ: Ամէն բան ընթացաւ սքանչելի պայմաններու մէջ: Հակահաշւումի սկիզբէն ի վեր որեւէ լուրջ դժուարութիւն չէր ստեղծուած ու միայն երկու անգամ, առաջինը՝ երեք վայրկեան, երկրորդը՝ քանի մը երկվայրկեան, հաշուումը ընդհատուեցաւ «Ժ» ժամէն միայն քանի մը վայրկեան առաջ: Ֆլորիտայի կապոյտ երկնքին մէջ, ուր ոչ մէկ ամպ կար, 130 թոննոց հսկայ հրթիռը բարձրացաւ բոցերու ամպի մը ընդմէջէն, ապա, շուտով արագանալով՝ բնական կերպով ծռեցաւ դէպի հիւսիս-արեւելք, նարնջագոյն բոցեր արձակելով, մինչ իր խուցէն՝ աստղանաւորդը կը յայտնէր, թէ ամէն բան լաւ է ներսը: