Մայիս 13-ին, Ռէքս թատրոնի սրահին մէջ, պարուսոյց տիկին Իվոն տէ Քիրիքոյի վարժարանի ուսանողուհիներու պարարուեստի ներկայացման հետեւելով՝ հոգեկան խոր գոհունակութեամբ հաստատեցինք Սփիւռքահայ դեռատի արուեստագիտուհիի մը յայտնութիւնը։
Չենք ուզեր ծանրանալ ընդհանուր ներկայացման վրայ։ Միայն կ'ուզենք ըեսլ՝ թէ այս տարուան հինգ շրջանաւարտուհիները եւ միւս բոլոր ուսանողուհիները համաչափ ու ներդաշնակ ամբողջութիւն մը իր յայտ բերին։ Կ'ուզենք յատկապէս խօսիլ դեռատի արուեստագիտուհի օր. Սոնա Պէրպէրեանի մասին։ Շնորհալի օրիորդը՝ պարարուեստի աշխարհին մէջ իր կապը պահելով հանդերձ իր ընկերուհիներուն հետ՝ զտուեցաւ իր ճշգրիտ շարժումներով եւ ճկուն մարմնով։ Օր. Պէրպէրեան մասնակցեցաւ յայտագրի բոլոր մասերուն ալ, այսինքն թեքնիկ, ոչ միայն թմբուկի ընկերակցութիւն ունեցող կտորին, որուն մասնակցեցան միայն հինգ շրջանաւարտ պարուհիներ, այլեւ «Խղճի խայթեր»ուն՝ արդիական Ա. Քոփլանտի դաշնակի նուագով։ «Պերսեփոնէի առեւանգում» պարախաղին, Ն. Սքալքոթասի երաժշտութեամբ եւ հուսկ «Բարեկենդանի գիշեր»ին՝ Սվենտսէնի եղանակներու վրայ։ Մանաւանդ վերջին պարախաղին մէջ՝ օր. Պէրպէրեան իր միւս յատկութիւններուն առընթեր ցոյց տուաւ Կշռոյթի, արտայայտչական եւ միմիքի բացառիկ կարողութիւններ։ Օր. Սոնա Պէրպէրեան ընթացաւարտներուն մէջ երկրորդ տեղը գրաւեց ¥արուեստէ անկախ պատճառներով¤ հազիւ իր 17 տարեկանին ըլլալով կրտսերագոյնը իր ընկերուհիներուն միջեւ։
Պէյրութէն օդային գծով Աթէնք վերադարձած է Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, որ Պէյրութ գացած էր իբրեւ պատգամաւոր, կաթղիկոսական ընտրութեան մասնակցելու առաջնորդ սրբազան հօր հետ։ Պրն. Յակոբեանի հետ վերադարձաւ նաեւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ պրն. Յակոբ Յովակիմեան, որ նոյնպէս Վարչութեան անդամ պրն. Զ. Գնունիի եւ այլ ազգայիններու հետ մեկնած էր Պէյրութ։