Խանդավառութեան եւ ազգային հպարտութեան օրեր եղան Զատիկի օրերը։ Գանատայի Հ. Յ. Դ. Շրջանային Գործադիր Մարմինը Համիլթընի մէջ կազմակերպած էր հայ մշակոյթի բացառիկ հանդիսութիւն մը։
Այս առթիւ հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Գանատայի շրջանի խորհրդաժողովը։ Աւագ Ուրբաթ արդէն հասած էին առաջին ուխտաւորները։ Մոնթրէալէն եկած էին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամներ, Մոնթրէալի երգչախումբին անդամները եւ Մոնթրէալի գաղութին ներկայացուցիչները։ Բազմաթիւ ազգայիններ ալ եկած էին Նիակարա Ֆոլզէն, Սէնթ Քեթրինզէն, Թորոնթոյէն, Օքվելէն, Քիչներէն։ Կարելի է ըսել՝ Գանատայի հայ գաղութին ներկայացուցչական մէկ հաւաքոյթն էր որ տեղի կ'ունենար։ Դաշնակցութեան Տունը դարձած էր հաւաքավայր մը, որուն շուրջ խճողուած էին ուխտաւորներու կառքերը։ Գանատայի գաղութը կազմուած է Պոլսեցիներէ, Յունահայերէ, Եգիպտահայերէ, այնպէս որ Համիլթըն համախմբուած այս բազմութիւնը հայերէն խօսակցութիւնով կը լեցնէր փողոցները։ Ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խորհրդաժողովը։ Կարդացուեցան շրջաններու տեղեկագիրները, որ ցոյց կուտային՝ թէ կազմակերպութիւնը կ'աճի։ Այս խորհրդաժողովին մէջ խօսեցաւ նաեւ Շ. Նարդունի, որ յատկապէս հրաւիրուած էր մշակոյթի «Օր»ուան համար։ Աւագ Շաբաթ, կէսօրէ ետք տեղի ունեցան զանազան մարզախաղի մրցումներ, խմբական ձեւով։ Յաղթական խումբերուն տրուեցան մրցանակներ, որոնք յայտարարուեցան երեկոյեան, մշակոյթի տօնի հանդիսութեան ընթացքին, ընկեր Վազգէն Թերզեանի կողմէ։ Աւագ Շաբաթ, երեկոյեան, Ճրագալոյցին, սկսաւ հայ մշակոյթի բուն հանդիսութիւնը։ Մոնթրէալի երկսեռ երգչախումբը, երգեց Գանատայի օրհներգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը։ Ընկ. Արամ Յարութիւնեան արտասանութիւն մը ըրաւ Չարենցին, ընկեր Կարօ Իշխանեան՝ Սիլվա Կապուտիկեանէն։ Ամէնէն ետք խօսելու հրաւիրուեցաւ Շ. Նարդունի, որ ծափերու մէջ բեմ բարձրացաւ, ծափերու մէջ շարունակեց իր խօսքը եւ ծափերու մէջ վերջացուց։