Ապրիլ 28-ին Աթէնքի «Համազգային»ի կազմակերպած Յուշատօնին, իբրեւ ոգեկոչումը՝ Ապրիլեան Նահատակաց խնկելի յիշատակին, «Փարնասոս»ի սրահը ողողած էր ընտրեալ եւ հոծ բազմութիւն։
Ասիկա արտացոլումն էր յարգանքի այն խոր արտայայտութեան, զոր մեր ժողովուրդը կը տածէ իր Մեծ Նահատակներուն նկատմամբ, ու միանգամայն իւրացումը՝ մահուան գնով իսկ հայ մնալու վսեմ գաղափարականին։ Երեկոն կը սկսի եւ գաղափարապաշտ հայ երիտասարդութեան կողմէ դափնեպըսակ կը զետեղուի պրն. Մարտիկ Խաչատուրեանի ձեռամբ ու Համազգայինի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ պրն. Փափազեանի կþերգէ «Անոնց համար որ ինկան»ը։ Պրն. Մարգար Շարապխանեան, զուսպ յուզումով մը կ'արտասանէ Յ. Թումանեանի «Հոգեհանգիստ»ը, որուն կը յաջորդէ երգչախումբի «Սուրբ, սուրբ»ը։ Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան կողմէ ոգեշունչ եւ խորիմաց ուղերձ մը կը կարդայ օր. Մ. Պէօրէքճեանը։ Երգչախումբի «Տէր Կեցո»ին կը յաջորդէ Սիամանթոյի «Մօր մը երազը» քերթուածի արտասանութիւնը պրն. Կ. Մարկոսեանի կողմէ, խոր ապրումով եւ անթերի։ Յանուն Ազգ. Կեդր. վարչութեան՝ խօսք կ'առնէ պրն. Ն. Յակոբեան, որ կ'անդրադառնայ սգատօնի խորհուրդին եւ կը թելադրէ տէր կանգնիլ հայ մարդու մեր պարտականութիւններուն եւ միասնական ճիգերով հետապնդել մեր ազգային դատը։ Երգչախումբի «Օրհներգ հայրապետական»ը կը փակէ հանդէսի առաջին մասը։ Հանդէսի երկրորդ մասին ասպարէզ կուգայ պրն. Լեւոն Ճլկունի, կուռ բանախօսութեամբ մը։ Պրն. Կարօ Ղեւոնդեան տուաւ հարազատ տիպարը Ա. Ահարոնեանի «Կոյր Աշուղ»ին, իր յաջող մենակատարութեամբ։ Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ հանդէսը, որուն յայտագրին մաս առնողները ու նաեւ երգչախումբը անթերի էին իրենց ստանձնած դերերուն մէջ եւ յոյժ գնահատելի։