Գոքինիոյ «Զաւարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ մասնաճիւղին կազմակերպած ընտանեկան պարահանդէսը։
Մեր սիրելի հայրենակիցները ժամանակին փութացեր էին լեցնել սրահը։ Եկեր էին գիտակցօրէն նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերելու Հ. Կ. Խաչի ձեռնարկը, վստահ՝ որ իրենց օժանդակութիւնը պիտի հասնէր անպայման իրերօգնութեան գեղեցիկ գործին։ Կ'արժէ յիշել որ, սրահը զարդարուած էր բացառիկ նուրբ ճաշակովը մեր երիտասարդ ընկեր-ընկերուհիներուն։ Անոնք ջանք չէին խնայած տպաւորիչ երեւոյթ մը տալու սրահին, զետեղելով բազմաթիւ գունաւոր լոյսեր, որոնք խորհրդաւոր շուք մը կուտային բազմաթիւ պարող զոյգերուն վրայ։ Կարելի՞ էր մեզի երէցներուս համար չխանդավառուիլ ի տես թխորակ եւ շէկ երիտասարդ զոյգերուն, որ իրար խառնուած՝ համակ կեանք եւ աւիւն կը սփռէին չորս կողմ։ Հայու ապագան կերտող այս նոր սերունդը իսկապէս մեր պարծանքը պէտք է նկատել։ Պահ մը պարը ընդհատուեցաւ տեղ տալու համար հայկական երգերու։ Խումբ մը ընկեր ընկերուհիներ զանազան երգերով թնդացուցին սրահը, պանծացնելով հայրենիքի աննման կարմիր գինին։ Երգերուն յաջորդեց ընկ. Սոնա Պէրպէրեանի շատ գեղեցիկ մենապարը, որ ջերմօրէն ծափահարուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Յետոյ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը, որմէ բախտաւորներ շահեցան գեղեցիկ եւ արժէքաւոր նուէրներ։ Պարահանդէսին փայլը կ'աւելցնէր Ֆիքսի երիտասարդ ընկերներու նուագախումբը, որ հայու անխորտակելի կամքով զինուած՝ մինչեւ առաւօտ նուագեց եւ զուարճացուց հանդիսականները։ Գովեստի արժանի են Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, որոնք ամէն յոգնութիւն յանձն առած էին պատրաստելու համար համով աղանդերներ, հաւատարիմ մնալով հայու յատկանշական սովորութեան։ Միթէ չ'արժեր ըսել. «կեցցէ՛ք Խաչուհիներ»։ Որքան ատեն որ դուք կը մնաք պայքարի առաջին գծին վրայ, անվարան կարելի է ըսել,- Հայ Ազգը պիտի ապրի։ Ն.Պ.