Հնդկաստանի Թերթերը Հայերու Մասին.  Սէյտապատի (Հնդկաստան) երբեմնի հայաշատ շրջանին հինաւուրց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ աւերակ վիճակ մը ունէր, Կալկաթայի եւ շրջակայքի հայ ազգայիններու սրտաբուխ  նուիրատուութեամբ, մօտ 20 հազար ռուբի, նորոգութեան  ենթարկուած է՝ վերածուելով գեղեցիկ մատուռի մը:

Յունուար 26-ին, 200 հոգիէ բաղկացած հաւատացեալներ, Պօղոս Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, երկու օր տեւող ուխտագնացութեան գացած են դէպի Սէյտապատ, որ 120 մղոն հեռու կը գտնուի Կալկաթայէն: Առաջին օրը, համաձայն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, կատարուած է օրհնութեան կարգը: Երկրորդ օրը Յունուար 27-ին, տեղի ունեցած է հանդիսաւոր սուրբ պատարագ: Ներկաները ջերմեռանդ հաւատքով, ձեռքերնուն մոմ բռնած, կատարած են իրենց ուխտը: «Հայ Մեր»-էն առաջ պատարագիչ տէր հայրը քարոզած է «Եկայք շինեսցուք սուրբս խորանն լուսոյ» բնաբանով: Ապա ներկաները հաղորդուած են եւ յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ բակին մէջ, Մարդասիրական ճեմարանի հիմնադիր Մնացական Վարդանեանի գերեզմանին վրայ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է եկեղեցւոյ հիմնադրի յիշատակին, ինչպէս նաեւ՝ շրջափակին մէջ տարիներէ ի վեր հանգչող ննջեցեալներու հոգիներու հանգստութեան համար: Արարողութիւններէն ետք, մեծ ճաշկերոյթ մը կազմակերպուած է եւ ներկաները ջերմ ու ուրախ մթնոլորտի մէջ անցուցած են իրենց օրը: Հնդկական եւ անգլիատառ թերթեր, եկեղեցւոյ նկարը  տպելով իրենց առաջին էջերուն վրայ, մեծ գովասանքով արտայայտուած են հայ ժողովուրդին մասին՝ իբրեւ եկեղեցասէր ժողովուրդի, որ մեծ դեր ունեցած է Հնդկաստանի յառաջդիմութեան եւ վերելքին մէջ, նշանաւոր եւ աչքառու անձնաւորութիւններով: Սէյտապատի մօտակայ շրջաններէն բազմաթիւ հնդիկներ ուրախութեամբ եկած են այցելութեան՝ տեսնելու համար 204 տարուան հնութիւն ունեցող վերանորոգուած եկեղեցին: Ուխտաւորները վերադարձած են լաւագոյն յիշատակներով եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստանալով: