Կիրակի երեկոյ, ժամը 4-ին, Քենտրիքոն թատերասրահին մէջ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան, «Համազգայինի» թատերասէրներու խումբը, ընկեր Արշաւիր Գազանճեանի ղեկավարութեամբ ու մասնակցութեամբ՝ ներկայացուց հելլէն հռչակաւոր գրագէտ ու թատերագիր Ղրիղորիոս Քսնենոբուլոսի գլուխ-գործոցը նկատուող «Կարմիր Ժայռը» կամ «Ֆոթինի Սանտրի» երեք արարնոց տրամը։

Բոլոր դերակատարներն ալ մեծ յաջողութեամբ կատարեցին իրենց ստանձնած դերերը, բազմիցս ու բուռն կերպով ծափահարուելով ներկաներուն կողմէ։ Բացառիկ յաջողութեամբ կատարեցին իրենց դերերը՝ օր Փառանձեմ Մէշէճեան, ընկ. Արշաւիր Գազանճեան եւ ընկ. Կարպիս Մարկոսեան։ Շատ լաւ ու բնական խաղարկութիւն ունեցան նաեւ միւս դերակատարները՝ տիկին Շուշան Ճիզմէճեան, ընկ. Կարպիս Ֆուրունճեան, օր. Սեդա Մարկոսեան, օր. Արքուհի Խոշմաթլեան եւ ընկ. Անդրանիկ Շարապխանեան։ Յուշարարի ծանր դերը անթերի կատարեց ընկ. Մատթէոս Աջապահեան։ Ներկայացման վերջաւորութեան դերակատարները կրկին արժանացան ջերմ ու երկարատեւ ծափերու եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջերու։

Ճիովաննի 23-րդ Պապը, սովիէթ վարչապետ   պրն. Խրուշչէվի փեսայ եւ հրապարակագիր պրն. Աճուպէյէն ետք, իր ներկայութեան ընդունեց ներկայիս Հռոմ գտնուող հայազգի հռչակաւոր երգահան Արամ Խաչատուրեանը եւ տիկինը, որոնց հետ մէկ քանի վայրկեան խօսակցեցաւ։ Պապը պրն. Խաչատուրեանին մետալ մը տուաւ իսկ տիկնոջ՝ աղօթքի համրիչ մը։


Ե
րեւանի «Գրական Թերթ»ի վերջին թիւին   մէջ «Ընթերցողները պահանջում են» անմեղ խորագրին տակ, Մոսկուա բնակող հայրենակից մը կը դժգոհի հայ գիրքերու պակասէն։ Նամակագիրը չըսեր թէ Մոսկուայի մէջ հայերէն գիրք եւ թերթ ծախող ուրիշ գրախանութներ ալ կա՞ն, բացի իր մատնանշած գրավաճառէն։ Եթէ ըլլային, հաւանաբար քիչ մը յոգնութեամբ փորձէր օգտուիլ այս գրավաճառներէն եւ առիթ չունենար... բողոքելու «Գրական Թերթ»ին։