(Շար.)

Բայց, ինչպէս կը պատահի շինութեան գործերուն մէջ, մեր հաշիւը չհամապատասխանեց շուկայի հաշիւին։ Նկատի ունեցէք, որ միայն ելեկտրական լոյսի այս չորս սիւներուն, լամբերուն եւ զետեղման համար վճարած ենք 18 հազար տրախմի։

Եւ ահա, ներկայացաւ ուրիշ վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ նոյնքան գումար մըն ալ ինք տրամադրելով՝ յանձն առաւ շինութիւնը։ Այդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը՝ Ֆիքսի մեր մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Համբարձում Կիւտէնեանն է, որուն հրապարակաւ կը յայտնենք մեր եղբայրական խորին շնորհակալութիւնները։ Շրջ. Վարչութիւնս գնահատելով եղբ. Հ. Կիւտէնեանի ժեսթը՝ զինք կը հռչակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարերար եւ կը խոստանայ իր անունը մասնաւոր տախտակի մը վրայ արձանագրելով զետեղել այս պատին վրայ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք հետեւեալ նուիրատու եղբայրներուն ալ, որոնք իրենց կարգին օգտակար եղան մեր մարզադաշտի շինութեան.- Յարութիւն Գոհարունի, Զարեհ Ունճեան, Գասպար Առաքելեան»։ Առաջնորդ   սրբազան հօր օրնութեան աղօթքէն ետք, երկու սկաուտներ, դաշտի կեդրոնին երկու կողմերը բռնեցին կարմիր-կապոյտ ժապաւէն մը։ Եղբ. Պ. Սարգիսեան, հրաւիրեց եղբ. Հ. Կիւտէնեանը ժապաւէնը կտրելու եւ դաշտի բացումը կատարելու։ Այս տպաւորիչ արարողութենէն ետք, սկսաւ գայլիկներու, սկաուտներու, Սելանիկի եւ Աթէնքի մարզիկներու պաշտօնական տողանցքը, ներկաներու խանդավառ ծափերուն մէջ։ Յաջորդաբար սկսաւ Սելանիկի եւ Աթէնքի պասքէթի խումբերու մրցումը։ Երկու խումբերն ալ խաղացին մարզական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգիով։ Յաղթական հանդիսացաւ Սելանիկի խումբը 32-31 արդիւնքով։ Ատենապետ եղբ. Սարգիսեան, Սելանիկի խումբը 1963ի յաղթականը հռչակելով՝ խնդրեց առաջնորդ սրբազանէն կատարել բաժակի յանձնումը։ «Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը» բացագանչութիւնով վերջացաւ մարզադաշտի բացման հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց «Հայաստան» սրահին մէջ կազմակերպուած պարհաւաքոյթը։    (Վերջ)