Յունահայութիւնը, մարզական տեսակէտով՝  պատմական օր մը ապրեցաւ Ս. Զատկի երկրորդ օրը, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանին կից՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզադաշտին մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը բացումը կատարեց իր մարզադաշտին, ի ներկայութեան վեց հարիւրի մօտ մարզասէր երկսեռ հանդիսականներու։ Շրջ. վարչութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրած էր բոլոր ազգային կազմակերպութիւնները, որոնք ներկայ եղան՝ պատասխանելով հրաւէրին։ Հանդէսը իր ներկայութեամբ պատուեց նաեւ յունահայոց առաջնորդ գերշ. Սահակ եպս. Այվազեան։ Սելանիկէն մասնաւորաբար հրաւիուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի պասքէթի խումբը Աթէնք հասաւ Կիրակի երեկոյ, 30 մարզասէր ագայիններու եւ վարչական անդամներու ընտանիքներու ընկրեակցութեամբ։ Աթէնքի եւ Բիրէայի շրջաններէն ներս ներկայ էին 500-ի մօտ ազգայիններ ինչպէս նաեւ՝ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի սկաուտներու եւ գալյիկներու խումբերը եւ Աթէնքի մարզիկները, շուրջ 100 անձ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պատրիկ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ ըսաւ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը հպարտ եւ ուրախ է, որ այսօր բացումը կը կատարէ իր մարզադաշտին, աւելի ճիշդ՝ Յունաստանի հայկական մարզադաշտին։ Երեք տարի առաջ, երբ Հայ Կապոյտ Խաչը այս հողամասը գնեց, խնդրեցինք որ, մաս մը տրամադրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի, իբր մարզադաշտ գործածելու համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հ. Կ. Խաչին, որ սիրով ընդառաջեց մեր խնդրանքին։ Անցեալ տարի, երբ վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Քերովբէ Առաքելեան իր տիկնոջ հետ Աթէնք այցելեց, հաւաքոյթ-ժողովի մը ընթացքին իրենց պարզեցինք հողամասը՝ մարզադաշտի վերածելու մեր ծրագիրը։ Ի պատիւ եղբ. Քերովբէի պէտք է յայտնել որ ան մեր տրամադրութեան տակ դրաւ 1200 տոլարի գումար մը։ Առ ի գնահատանք այս ժեսթին, Շրջ. վարչութիւնը որոշեց մարզադաշտը կոչել Առաքելեան մարզադաշտ։ (Շար.)