Եգիպտոսի Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը գովելի գաղափարը ունեցած էր ողջերթի երեկոյ մը կազմակերպելու իր ամէնէն հին անդամներէն եւ իր կազմին անխտիր բոլոր ընկերներէն սիրուած ընկ. Նաթալիա Լազեանի մօտալուտ Յունաստան մեկնումին առթիւ։

Ողջերթի երեկոն տեղի ունեցաւ 5 Ապրիլի երեկոյեան, «Յուսաբեր»ի Տան «Նաւասարդ» սրահին մէջ։ Հրաւիրուած էին՝ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան, Հ. Կ. Խաչ, «Համազգային»ի եւ մեր կազմի մարմիններուն անդամները։ Երեկոյթը բացուելէ առաջ, հրաւիրեալները մեծարուեցան գարեջուրով եւ զանազան համադամներով։ Ապա երեկոյթը վարեց ընկ. Պերճ Մըսրլեան, յաջորդաբար խօսք տալով տիկին Հ. Քիւթներեանի, Պերճ Մոմճեանի, Կայծ Կոկանեանի, Ս. Զէյթլեանի, Գր. Նիզիպլեանի, Խաչիկ Յակոբեանի, Լեւոն Յովհաննէսեանի եւ Օննիկ Մաճառեանի։ Բոլոր ճառախօսներն ալ ընդգծեցին հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար մեր կազմակերպութեան մատուցած այն ծառայութիւնները, զորս տիկ. Նաթալիա կատարեց իր ամուսնոյն՝ հանգուցեալ ընկ. Գաբրիէլ Լազեանի կողքին, անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Վեր առին նաեւ այն իրողութիւնը, թէ այս այնքան համեստ կինը, որ ծագումով յոյն էր, զգացումներով եւ գաղափարներով դարձաւ ամբողջական հայ մը եւ հաւատաւոր Դաշնակցական մը։ Անխառն նուիրումով եւ զոհողութեան մեծ ոգիով ծառայեց մեր ժողովուրդին արդար դատին։ Նաթալիա սիրով ենթարկուեցաւ մեր ժողովուրդի ճակատագրին, որովհետեւ ատիկա այնքան մեծ տարբերութիւն չունէր իր ցեղին՝ յոյն ազգին ճակատագրէն։ Շեշտուեցաւ, թէ կարելի չէ հանգուցեալ ընկ. Գաբրիէլ Լազեանի մասին խօսիլ առանց յիշատակելու տիկին Նաթալիան եւ ոչ ալ կարելի է Նաթալիաի մասին խօսիլ, առանց յիշատակելու ողբացեալ ընկերը։ Ճառախօսներէն ոմանք դրուագներ պատմեցին տիկին Նաթալիայի փոթորկոտ  կեանքէն, ուր այս խոնարհ «հայուհի»ն երեւան կուգար իր նուիրումի եւ զոհաբերութեան օրինակելի ոգիով։ Խօսք առաւ նաեւ ինք ընկ. Լազեան, որ յուզուած շեշտով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած մեծարանքին համար եւ խոստացաւ նոյն եռանդով գործել յունահայ գաղութին մէջ։