Օգոստոսի մէջ 35 հոգիէ բաղկացեալ երկսեռ խումբ մը՝ մեծամասնութեամբ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, բուլման ինքնաշարժով Աթէնքէն ճամբայ ելան դէպի Քերքիրա 5-օրեայ արշաւի մը համար:Անցան զանազան քաղաքներէ՝ ինչպէս Քսիլոքասթրօ, Ռիօ-Անտիռիօ, Արթա, Եանենա, ուր այցելեցին բոլոր տեսարժան վայրերը: Երկու օր ետք հասան Քերքիրա, ուր իրենց միացան իրենց անձնական միջոցներով եկած հայրենակիցներ եւ արշաւին մասնակցողներուն թիւը հասաւ 60-ի: Բոլորը միասին քերքիրաբընակ հայրենակիցներու մասնակցութեամբ՝ երկու օրուան ընթացքին այցելեցին Փալէոքաս-թրիցա, Գասիա, Մոն-Ռեփօ, Փոնտիքոնիսի, Ախիլիօ: Յաջորդ օր, վերադարձի ճամբան բռնեցին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի բնութենասէրներուն կողմէ կազմակերպուած այս շատ յաջող հնգօրեայ արշաւին մասնակցողները շնորհակալութիւններ յայտնեցին արշաւը դասաւորող Հ. Պէրպէրեանին ինչպէս նաեւ խմբապետ եղբ. Ս. Շանկայեանին: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ Ռիոյի, Եանենայի եւ Քերքիրայի այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց դիմաւորեցին ու ընկերացան եւ ջանք չխնայեցին ամէն գնով օգտակար ըլլալու բոլորին:
Արժանթինի անկախութեան 145-րդ տարեդարձին առթիւ, Պուէնոս Այրէսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը հացկերոյթ մը կազմակերպած է իր մարզադաշտի սրահին մէջ: Ներկայ եղած են մեծ թիւով ազգայիններ ինչպէս նաեւ տեղացի պաշտօնատարներ, որոնց մէջ՝ Մորոնի քաղաքապետը, զինուորական օդանաւակայանի հրամանատարը, զօրաբաժնի հրամատար մը եւ բարձրաստիճան այլ անձաւորութիւններ: Հաւաքոյթի խօսնակի պարտականութիւնը կատարած է պրն. Կարօ Թոփալեան: Միութեան փոխ-ատենապետ պրն. Ռաուլ Պետիկեան խօսք առնելով ոգեկոչած է Արժանթինի ազատութեան մեծ ռահվիրաները: