Պոլսոյ «Սոն Հաւատիս» թրքական թերթը կը գրէ.- Քանի մը օր առաջ թերթերու մէջ լոյս տեսած սրբագրութեան ազդ մը զարմանքի մատնած էր ընթերցողները, իսկ Սամաթիոյ եւ Տաւուտ փաշայի բնակիչները սաստիկ զայրացեր էին:
Մանաւանդ հանգստեան կոչուած գընդապետ մը, որուն սամաթիացիները կը սիրէին պէյ պապա ըսել, հետեւեալ ձեւով խօսած էր սրճարանին մէջ: - Ո՞վ են ասոնք, եահու, ես չեմ ճանչնար զանոնք: Ասոնց հետ բարեւը Աստծու բարինը պէտք է կտրել… Պէյ պապան այնքան զայրացնող ազդը դրուած էր 55 տարեկան Սաֆիյէ Ույքըզի, աղջիկը‘ ամուսնացեալ եւ հինգ զաւկի տէր Սաատեթ Ույքըզի եւ ատաղձագործ զաւակը‘ Համտի Ույքըզի կողմէ: Ասոնք 20-րդ հաշտարար ատեանին դիմելով‘ իրենց իսլամ կրօնը փոխած էին հայ քրիստոնեայի: Նոյն որոշման համաձայն, անոնք փոխեր էին իրենց անունը եւ Սաֆիյէն եղած էր Սոֆիա, Սաատեթ Էլմաս եւ Համտին եղած էր Կարապետ: Համաձայն հանգստեան կոչուած գնդապետին, կարելի էր, որ քրիստոնեայ մը դարձի գայ եւ իսլամ կրօնը ընդունի, բայց իսլամութենէ քրիստոնէութիւն դարձ անկարելի էր: Այս բոլորը պատմելէ ետք թերթին աշխատակիցը տեսակցած է նաեւ այդ ընտանիքին հետ, որոնք հետեւեալ կերպով բացատրած են իրենց արարքը. - Մենք սեբաստացի եւ հայ ենք. մեր հայրը տարիներ առաջ անհրաժեշտութիւն նկատեր է մեզ իբրեւ իսլամ արձանագրել տալ, բայց մենք չկրցանք գործադրել իսլամութեան կանոնները: Մանաւանդ վերջին տարիներուն տարօրինակ կացութեան մատնուեցանք: Իսլամներու կարծիքով, մենք տակաւին քրիստոնեայ ենք, իսկ քրիստոնեաները մեզ իրենցմէ չեն նկատեր: Այս կացութիւնը սկսաւ ազդել մեր ընտանեկան եւ գործի կեանքին. հետեւաբար ստիպուեցանք մեր սկզբնական կրօնին վերադառնալ: