Չորեքշաբթի, Մարտ 27-ի գիշերը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը, միութեան շէնքին մէջ:

Ժողովը վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց յիշատակը նորոգ հանգուցեալ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսի: Անկէ ետք ընդհանուր ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Շըրջանաւարտ վարչութեան քարտուղար Սարգիս Խ. Տէր Աւետիսեան կարդաց խնամեալ տեղեկագիր մը միութեան տարուան մը գործունէութեան, որ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Բանաձեւի յանձնախումբը, բաղկացեալ Վահրամ Թունճեանէ, Բեգլար Նաւասարդեանէ եւ Վարդգէս Սինանեանէ, գնահատանքի բանաձեւ մը արձանագրեց վարչութեան գործունէութեան մասին, որ միաձայնութեամբ եւ ծափահարութիւններով վաւերացուեցաւ ընդհ. ժողովին կողմէ: Ի մէջ այլոց ժողովը նկատի ունեցաւ միութեան մշակութային, մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց: Նկատուեցաւ, որ նախկին վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Անանիա Մահտեսեանի միութեան սեփական շէնքի պարտքը պակսեցուցած է 1500 սթերլինով: Միութեան շէնքին ներկայ պարտք մնացած է 2500 սթերլին, որ կը յուսացուի փակել ներկայ տարեշրջանին: Մասնաւոր գնահատանքի արժանացաւ նաեւ գործունէութիւնը միութեան սկաուտական շարժման, որուն պատասխանատուութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնած է  Յարութիւն Անմահունի: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընտրութիւն՝ 1963-ի վարչութեան: Հետեւեալները գոց քուէով ընտրուեցան ներկայ տարեշրջանին համար. Անանիա Մահտեսեան, Պերճ Գառնուկեան, Սարգիս Օ. Տէր Աւետիսեան, Ղազարոս Յակոբեան, Հրանդ Տեմիրճեան, Հրաչ Թօգաթեան եւ Նազարէթ Գազանճեան:

Հայ աւետ. քոլեճը, մշակութային իր այլ գործունէութեանց կարգին, սովորութիւն դարձուցած է հայ հասարակութեան ներկայանալ տարեկան համերգով մը: Այս տարի այդ համերգը մասնաւոր արժէք ունէր, որովհետեւ անիկա կը նշէր Հայ աւետ. քոլեճի հիմնադրութեան քառասնամեակի (1923-1963) հանդիսութիւններուն բացումը: