Հ. Կ. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարեկան միացեալ պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 6-ին, Գարէայի նորաշէն Վասիլիքի Փրոնիայի շքեղ եւ ընդարձակ սրահներուն մէջ եւ արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն։
Եկողները այնքան շատ էին որ կարգադիր յանձնախումբը ստիպուեցաւ ուրիշ սեղաններ ալ ճարել, երեք հարիւրէ աւելի հայրենակիցներուն կարենալ գոհացում տալու համար։ Պարահանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին նաեւ՝ Ազգային Կեդր. Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ներսէս Յակոբեան իր տիկնոջ հետ, Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատենապետ եղբ. Համբարձում Կիւտէնեան, Թաղի ոստիկանական կառավարիչը իր տիկնոջ հետ, ինչպէս նաեւ՝ պատ. Թաղ. խորհուրդը։ Ընդարձակ սրահը հազիւ կրցաւ պարփակել խուռներամ բազմութիւնը, որ ինչպէս միշտ, այս տարի եւս եկաւ քաջալերել այս ձեռնարկը։ Օրուան նախագահ եղբ. Եր. Քեմէնչէճեան հանդէսը բանալով նախ հաճոյալի գիշեր մը մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ըսաւ. «Հայոց ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն փառքերէն պիտի կազմեն մեր երկու ազգօգուտ մեծ միութիւնները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Հ. Կ. Խաչը, որոնք վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին, մարզական, մշակութային, կրթական ու խնամատարական գէտնի վրայ հրաշալի գործունէութիւն ցուցաբերեցին հոս եւ այլ հայագաղութներու մէջ։ Եղբ. Քեմէնչէճեան տամատայի պարտականութիւնը յանձնեց եղբայրներ Կ. Եագուպեանին եւ Պ. Պայըրեանին։ Ֆիքսեցի երիտասարդներէ բաղկացած նորակազմ նուագախումբը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ։ Շատ հաճելի անակնկալ մը եղաւ հայկական տարազներով փոքրիկներու պարախումբը, որ ներդաշնակօրէն գեղեցիկ պարեր պարեց եւ ներկաներու բուռն ծափերուն արժանացաւ։ Եղբ. Գ. Դերձակեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս իր կատակներով ու սրախօսութիւններով զուարճացուց ներկաները։ Ոգեւոր մթնոլորտն ու պարերը շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան ժամերը, երբ ներկաները սկսան մեկնիլ, գոհ սրտով ու շնորհաւորելով երկու միութեանց վարչութիւնները, որոնք հայկական մթնոլորտի մէջ ուրախ գիշեր մը անցնելու առիթը տուած էին իրենց։