Բնութեան յուշարձաններ են հազուագիւտ ծառի տեսակները ե բոյսերը, որոնք մնացած են երրորդական դարաշրջանէն: Հ

այաստանի բնութեան հազուագիւտ նմուշներէն են շագանակենին, սօսին (չինարին), արջաախլենին, արեւելեան արմաւենին, արեւելեան հաճարենին, մըրտավարդը եւ այլ բոյսեր, որոնցմէ մէկ քանին պատմութեան անցած են: Հին Հայաստանը հարուստ է եղած նաեւ սօսիի (չինարի) անտառներով: Չինարին շատ սիրուած ծառ մը եղած է հայերուն համար՝ իբրեւ բարձրահասակ, ճիւղաշատ եւ գեղեցիկ ծառ: Ներկայիս սօսիի պուրակ մը կայ Շիկահողի անտառին եւ Մթնաձորի կիրճին մէջ: Սօսի ծառի գեղեցիկ նմուշներ կան Մեղրի, Խոսրովի անտառ, Դիլիջան, Ստեփանաւան եւ այլ վայրերու մէջ: Մեղրիի զարդերէն մէկն է քաղաքի պարտէզին չինարին, որուն բունը չափելու համար 7 մարդ թեւերը պարզած՝ օղակ պէտք է կազմեն: Ասիկա ամենամեծ չինարի ծառն է ամբողջ Հայաստանի մէջ, Դաւիթ Բէկի ժամանակ այդ ծառը երկու հարիւր տարեկան էր: Հայաստանի հազուագիւտ ծառերէն են արեւելեան արմա- ւենին եւ հաճարենին: Բնութեան յուշարձան է նաեւ հին դարերէն մնացած կովկասեան մրտավարդը, որ մասամբ գետնատարած ճիւղերով մշտադալար բոյս մըն է: Մրտավարդը ունի խոշոր, ճերմակ, երբեմն բաց վարդագոյն ծաղիկներ: Հազուագիւտ ծառի տեսակներէն է կարմրածառը: Հայաստանի հիւսիսը, Դիլիջանի եւ Զանգեզուրի շրջաններուն մէջ կան մեծ տարածութեամբ կարմրածառի անտառներ: Այդ ծառերը ունին 30-50 մեթր բարձրութիւն, աւելի քան մէկ մեթր տրամագիծով: Կարմրածառը կ՛ապրի հազար տարիէն աւելի: Հին դարերուն այդ ծառերուն բնափայտէն կը պատրաստուէին հայկեան լայնալիճ աղեղները: Հետզհետէ պատմութեան կ՛անցնին նաեւ սոճին եւ գինին, որոնք այժմ աննշան տարածութիւններ կը գրաւեն հայրենի բնութեան մէջ:

Պոլսոյ Քաղաքապետական օփերայի «Գավալերիա» ներկայացման վերջընթեր ներկայացումը բեմադրուած է դերակատարութեամբ ծանօթ երգիչ Նուպար Պայվերտեանի։