Կիրակի, 31 Մարտ, հաւատացեալներու խուռ ներամ բազմութիւն մը փութացած էր Անթիլիաս՝ ներկայ գտնուելու համար Անթիլիասի Ուխտի օրուան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ՝ երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի քառասունքի հոգեհանգիստին:
Եկեղեցին, բակն ու վեհարանը լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը, բոլորն ալ եկած՝ յարգանքի իրենց վերջին տուրքը մատուցանելու հոգելոյս հայրապետի յիշատակին: Ժամը ճիշդ 9:00-ին Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Առաքելական Աթոռի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, պատարագիչի զգեստաւորումով, վեհարանէն իջաւ շքեղ թափօրով մը եւ մուտք գործեց մայր տաճար: Հանդիսաւոր Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի: Պատարագիչ պատրիարքին կը սպասարկէին Տրդատ վրդ. Քէշիշեան եւ Մեսրոպ աբղ. Աշճեան: Բուրվառակիրներն էին Մաշտոց աբղ. Յովսէփեան եւ Եզնիկ աբղ. Բալայեան: «Հայր մեր»-էն առաջ պատարագիչ պատրիարքը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը՝ վեր առնելով արժանիքները հոգելոյս կաթողիկոսին: Պատրիարքին քարոզը ամբողջութեամբ պիտի տանք մեր յաջորդ թիւով: Յաւարտ Ս. պատարագի, կազմուեցաւ շքեղ թափօր մը: Պատրիարք հայրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը ձեռին, Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան եւ միաբան հայրեր սրբազան այլ մասունքներ բռնած‘ առաջնորդեցին թափօր մը, որ կազմուած էր աբեղաներէ, սարկաւագներէ, քահանայ հայրերէ եւ դպիրներէ: Թափօրը ուղղուեցաւ վեհին գերեզմանը, ուր հոգեհանգստեան տխուր արարողութիւններ կատարուեցան: Յաւարտ արարողութիւններու, դամբանականներ խօսեցան Ճեզիրէի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ Ճորճ Մարտիկեան, որ մասնաւոր կերպով, վեհափառի քառասունքին ներկայ գտնուելու համար եկած էր Միացեալ Նահանգներէն՝ իր յարգանքը մատուցելու: