Լեւոն Քէշիշեան Ալասքայի Անքարեճ քաղաքէն կը գրէ.- Միացեալ Նահանգներու մէկ անկիւնէն միւսը, վերջապէս հասանք այս հետաքրքրական վայրը, եւ առաջին արաբ եւ հայ լրագրողն եմ, որ Ալասքա կ՛այցելէ:
Այս 49-րդ նահանգին մէջ կ՛ապրին մօտ 200,000 հոգի, 15-20 հազար էսքիմօ, 12,000 հնդիկ ու 30 հայ: «Հանօ էլ պինօ», ինչպէ՞ս էք կը նշանակէ էսքիմոներու լեզուով: Խիստ հետաքրքրական տեսակցութիւն մը ունեցանք երկու էսքիմոներու հետ‘ տեղեկութիւններ քաղելով իրենց ժողովուրդի մասին, ինչպէս նաեւ՝ իրենց սովորութեանց շուրջ: Հայեր հոս եւս հաստատուած են, մեծամասնութիւնը՝ այս քաղաքին մէջ. կան նաեւ մէկ քանի հայեր Ֆերպանքսի մէջ: Յայտնի ամերիկահայ մարզիկ «Չաք» Էսիկեանի ծնողքը հոս կը բնակի: Չարլզ Էսիկեան (խարբերդցի), Միհրան Թերզեանին հետ ունին մեծ ճաշարան մը, որ կը գտնուի քաղաքին ճիշդ կեդրոնը. յաջող է: Հոս կը գտնուին նաեւ Վազգէն Մինասեան ու իր կինը (բժիշկ Ե. Խաթանասեանի աղջիկը) փաստաբան է ու եղած է նախապէս դատաւոր: Կան նաեւ հայեր, որոնք ամուսնացած են օտարներու հետ: Հոս կը գտնուի նաեւ հայ պատուելի մը:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ մամուլին տրուած է հետեւեալ պաշտօնական զեկոյցը.- Պատրիարքարանիս կողմէ նախապէս կատարուած հրաւէրով քսանվեց թաղական խորհուրդներու եւ հինգ խնամակալ մարմիններու մէկական լիազօր ներկայացուցիչներ ժողով գումարեցին ամսոյս 7-ին, պատրիարքարանի մէջ, ընտրելու համար պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը: Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Ա. քհնյ. Պասմաճեան հիւանդացած ըլլալով՝ ժողովին կը նախագահէր Պոլսոյ հայ եկեղեցականութեան երիցագոյն աստիճանաւոր հոգեւորականը՝ Սահակ Ծ. վրդ. Փափազեան: Ժողովը վարելու համար ատենապետ նշանակուեցաւ երիցագոյն անդամ Վահան Խիւտավերտեան: