Միջնադարեան շրջանին, բազմաթիւ հայեր բնակութիւն հաստատած են արեւելեան երկիրներու մէջ։ 16-րդ եւ 17-րդ դարերու սկիզբը, հայ գաղթականներ մուտք գործած են Հնդկաստանի ու Պիրմանիոյ նման հեռաւոր երկիրներ։

Հնդկական Ագրա քաղաքը հաստատուած են հայկ. գաղութի  վաճառականները, որոնք յաճախ առեւտրական նպատակներով այցելած են Պիրմանիա։ Առաջին հայ գաղթականները Պիրմանիա հաստատուած են 1612 թուականին եւ կառուցածեն իրենց եկեղեցին։ Այնուհետեւ, անոնք բնակութիւն հաստատած են երկրին մեծագոյն քաղաքներուն եւ նաւահանգիստներուն մէջ։ 18-րդ դարու սկիզբը Սիրիամի հայկական գաղութն ալ բաւական մարդաշատ դարձած եւ ունեցած է իր եկեղեցին։ 1804-ին Ռանկունի մէջ ապրած են մէկ քանի տասնեակ հայ ընտանիքներ։ Հայկական համայնքը իր բնակչութեան փոքր թիւով թէեւ աչքի չէ զարկած եւ սակայն հասարակական եւ տնտեսական կեանքի մէջ առաջնակարգ դեր կատարած է։ Հայերը իբրեւ եւրոպական եւ արեւելեան լեզուներ գիտցող կիրթ եւ ձեռներէց մարդիկ, գնահատուած են տեղացիներու կողմէ եւ նաւահանգիստի մէջ բարձր եւ վարչական պաշօտններ ստանձնած են։ Հայերէն շատեր հասած են ամենաբարձր պաշտօններու եւ նոյնիսկ Եւրոպացիներու հետ կատարուող բոլոր գործառնութիւնները հայերու միջնորդութեամբ կատարուած են։ Այսպէս, օրինակ՝ նահանգապետի անմիջական օգնականը եւ հարկահաւաքը եւ երկրին մէջ ապրող Եւրոպացւոց վարիչը յաճախ հայերէ ընտրուած են։

Հռչակաւոր ամերիկահայ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան վերջերս «Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակիցին հետ խօսած է իր ապագայ ծրագիրներու մասին։ Աշնան մտադիր է վերադառնալ Պրոտուէյ եւ ներկայացնել իր «Աղջիկներ» թատրերգութիւնը։ Այն հարցումին թէ՝ ինչի՞ մասին է թատրերգութիւնը, գրագէտը պատասխանած է. «դժուար է ըսել։ Այդ՝ յատուկ տեսակի գործ մըն է։ Շատեր կանխակալ կամ ձեւաւորուած պատկերացումներ ունին իմ մասիս եւ պիտի չհաւատան, որ այս գործը իմս է»։