Գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, թէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան համակիր ու տարեց ամերիկահայ ազգային մը, յետմահու իր պաշտօնական կտակով, 50,000 տոլարի մօտ գումար մը յատկացուցած է ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին,

Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի Պէյրութի ճեմարանին եւ եկեղեցական հաստատութիւններու: Կտակին տէրը չ՛ուզեր հրապարակուած տեսնել իր անունը: Ծերունազարդ հայրենակից անձ մըն է ան, տեղեակ՝ իր ժողովուրդի պատմութեան ու ծանօթ՝ մեր ժամանակակից կեանքի բոլոր անցուդարձերուն: Եւ կու տայ իր ամբողջ ունեցածը՝ 50,000 տոլար: Կուսակցական մը չէ կտակարարը, սակայն հետեւած է ազգային-քաղաքական թէ հանրային-մարդասիրական մեր կազմակերպութիւններու կեանքին ու գործունէութեան եւ եզրակացուցած է, թէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւն եւ քոյր կազմակերպութիւններ, նուիրումով ու անդաւաճան ծառայած են հայութեան դատին, իրաւունքներուն, երիտասարդական, մշակութային, կրթական կեանքին:


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տեղապահ Խորէն արք. Բարոյեան, որ երկու օր առաջ վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած էր, ապաքինման մէջ է: Երէկ արդէն տաքութիւնը բնականի իջած էր: Գործողութեան, զոր կատարած է բժշկապետ տոքթ. Ուիլսըն, օգնած են նաեւ բժիշկներ Յովսէփ Ենիգոմշեան, Յակոբ Եագուպեան, Վարդգէս Կիւրեղեան եւ Յակոբ Գասապեան: Երկար պիտի չտեւէ ապաքինման այս շրջանը: Սրբազանը շաբաթէ մը պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին:

Արմէն Տօնոյեան կը գրէ.- Նախանցեալ տարի, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, հայ գիրքի հրատարակութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրեց: Հայ մամուլը, խանդավառութեամբ, ո՛չ միայն իր ուրախութիւնը յայտնեց հրատարակուած իւրաքանչիւր հատորի համար, այլ նոյնիսկ առանձնապէս անդրադարձաւ հրատարակութեանց եւ անոնց հեղինակներուն: