Փարիզի «Հայաստան» թերթի սեփական թղթակիցը՝ Ե. Պէրպէրեան Քանատայէն կը գրէ.- Քանատայի ներկայ հայ գաղութը 4000-ը կ՛անցնի, որուն 1000-էն աւելին 1962-ի շրջանին եկած են, առաւելաբար՝ Եգիպտոսէն: Հայերը հաստատուած են Մոնրէալ, Թորոնթօ, Համիլթըն, Սենթ Քաթրին եւ աւելի քիչ թիւով՝ միւս քաղաքները:

Քանատայի հայ գաղութը 1954-էն առաջ 4-էն 500-ի մօտ թիւ մը ունէր միայն: 1956-էն սկսան շատնալ՝ գալով մաս մը Պոլսէն եւ Յունաստանէն: Անոնց թիւը 1956-1958 անցաւ 1000-ը: Անոնք առաւելաբար հաւաքուեցան Մոնրէալ քաղաքը եւ քիչ թիւ մըն ալ գացին Թորոնթօ: Քանատայի մէջ 1948-ին կազմուած է «Քանատիըն արմենիըն քոնկրես»-ը, որուն վարչութեան անդամներն են Քերովբէ Պտուկեան՝ Մոնրէալէն, Յակոբ Մուրատեան՝ Համիլթընէն, Գ. Սերմէրճեան՝ Թորոնթոյէն: Մոնրէալ կը կազմէ ամէնէն հոծ հայ գաղութը՝ ունենալով 2000-է աւելի հայեր, որոնք բախտին բերումով հաւաքուած են իրարու մօտ գտնուող երկու թաղերու մէջ: Համայնքը բաժնուած է երկու մասի. էջմիածնական համայնքը, որ կը ներկայացնէ Մոնրէալի հայութեան մէկ երրորդը՝ առաւելապէս Պոլսէն եկողներէ եւ եգիպտահայերէ կազմուած: Ունին իրենց սրահը, կիրակնօրեայ դպրոցը: Իսկ կիլիկեան թեմին պատկանողները ունին իրենց եկեղեցին, սրահով մը, որ կը կոչուի Ս. Յակոբ: Եկեղեցին Երուանդ Բաւարմաճեանին մեծ հօր յիշատակին նուիրուած է, եւ որ ատենապետն է գաղութին: Այս եկեղեցիին գնման եւ բարեզարդման համար ծախսուած է 60,000 տոլար: Եկեղեցիին հոգաբարձութիւնը կը վարէ գաղութի գործերը՝ ունենալով իբրեւ ատենապետ Ե. Բաստրմաճեանը եւ փոխատենապետ՝ Քերովբէ Պտուկեանը: Տարեկան պիւտճէն է 7000 տոլար: Իսկ եկեղեցական գործերով կը զբաղի եկեղեցական հոգաբարձութիւնը: Ունինք հայ դպրոց՝ 70 աշակերտներով. կիրակնօրեայ դպրոցը՝ 20 աշակերտ: Ներկայիս Մոնրէալի գաղութը հարիւր առ հարիւր հայախօս է եւ շատ կենսունակ: Մոնրէալի գաղութին մէջ կը գործէ Հայ տիկնանց միութեան՝ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ մը, որուն շուրջ համախմբուած են 70-ի մօտ հայ կիներ: Մոնրէալ ունի իր ՀՄԸՄ-ը՝ իր ֆութպոլի խումբով մը, որ 1962-ի շրջանին ախոյեանութեան տիրացաւ: Նաեւ սկաուտական բաժին մը՝ 40 սկաուտներով: