Յունաստանի մէջ սկաուտական լայն շրջանակներուն ծանօթ անուն մըն է Տիօնիկ Յաբէթեանը, որ աւելի եւս ծանօթ դարձաւ մի քանի ամիս առաջ Համաշխարհային 11-րդ ճամբարի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուելով,

շնորհիւ սկաուտական շարժման մէջ ունեցած իր բարձր դիրքին եւ բեղուն գործունէութեան։ Տիօնիկ Յաբէթեան անցեալ ամիս պարգեւատրուեցաւ գահաժառանգ իշխան Կոնստանտինոսի կողմէ, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ իր ունեցած գործունէութեան համար։ Ան արդէն իբրեւ 100 եւ 200 մեթրի մարզիկ պատուուած է հայկական եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյները կրելով՝ առաջին հանդիսանալով 1947-ի համահելլէնական ախոյենական մրցումներուն մէջ։ Տիօնիկ Յաբէթեան անկէ ետք բոլորովին նուիրուած է սկաուտիզմին, որուն արդէն կը ծառայէր 1936-էն։ Ան հիմնած է Նէա Զմիռնիի մէջ գայլիկներու եւ սկաուտներու չորսական խումբ եւ նախաձեռնարկ եղած է 70 մեթր երկայնք ունեցող շքեղ ակումբի մը շինութեան։

Յունաստանի ժողովուրդին մատուցած բացառիկ մարդասիրական ծառայութեան համար գնահատանքի երեկոյ մը կազմակերպուած է ի պատիւ Ճորճ Մարտիկեանին։ Ներկայ եղած են Սան Ֆրանչիսքոյի հիւպատոսական կազմը, քաղաքապետ Քրիսթոֆէր, ծովակալ Նիմից եւ քաղաքային բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Յունաստանի Սան Ֆրանչիսքոյի ընդհանուր հիւպատոս Սոթիրիս Պուֆիտիս՝ պրն. Մարտիկեանի կուրծքը զարդարած է Փիւնիկի Արքայական կարգի պաշտօնատարի խաչով, որ յանձնուած է Յունաստանի Փաւլոս թագաւորի որոշումով։ Փիւնիկի խաչը յունական երկրորդ ամէնաբարձր պատուանշանն է։ Ճորճ Մարտիկեան միջազգային հռչակ կը վայելէ իր մարդասիրական գործունէութեան շնորհիւ. իրեն շնորհուած է նաեւ միջազգային պոյ-սքաուտներու ամէնաբարձր պատուանշան՝ «արծաթեայ պաֆալօ»ն։ Մարտիկեան 40 տարի առաջ հաստատուած է Ամերիկա եւ իր հեքիաթային կեանքով հիացումի արժանացած է։