Գրական Թերթ Փետրուար 8-ի իր թիւով կը  յայտնէ թէ խմբագրութիւնը բազմաթիւ նամակներ ստացած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ղարաբաղի իր ընթերցողներէն, որոնք բոլորն ալ շնորհաւորելէ ետք «Գրական Թերթ»ի հաղորդումը՝

արտասահմանի հայ գաղութներուն մէջ տեղի ունեցած Հայ Գրերու Գիւտի ստեղծման 1600ամեակի տօնակատարութեանց մասին, կը խնդրեն, որ խմբագրութիւնը շարունակէ լայն տեղեկութիւններ հաղորդել սփիւռքահայ կեանքի մասին։

Երեւան թերթի Փետրուար 14-ի թիւին մէջ ոմն  Եդ. Սարգսեան դիտել տալէ ետք թէ «մանկական հիմնարկութիւններու շինարարութիւնը անցեալ տարի ընթացաւ չափազանց անկազմակերպ, որուն հետեւանքով գործը փաստօրէն ձախողեցաւ», փաստերու հիման վրայ կուգայ հետեւեալ եզրակացութեան, ¬խառնաշփոթութիւն, անորոշութիւն, եւ այդ անորոշութեան մէջ միայն մէկ բան որոշ է։ Սկսած է անցեալ տարուան պատմութիւնը։ Թերեւս անկէ գէշը...»։ Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է տոքթ.  Հրանդ Փէշտիմալճեան, 79 տարեկան հասակին մէջ։ Տքթ. Փէշտիմալճեան երկար տարիներ ազգային պատասխանատու եւ կարեւոր պաշտօններ վարած էր։ Եղած էր Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի պատասխանատու տնօրէն եւ հոգաբարձու։ Բ. Աշխարհամարտին, քանի մը ընկերներու հետ ան տարած էր Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգատարութիւնը։ Զանազան շրնաններու ընտրուած էր համայնքային ներկայացուցչական ժողովներու անդամ։ Աշխատակցած էր Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին, ստորագրելով բժշկական եւ այլ յօդուածներ։

Նիւ Եորքի «Տը Ռեքըրտ Մեկեզին» պարբե րաթերթը հրատարակած է յօդուած մը՝ ականաւոր ճարտարապետ պ. Էդուարդ Իւթիւճեանի մասին, որուն պաշտօն յանձնուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարի վերանորոգման աշխատանքները կատարել, ուրիշ երկու ճարտարագէտներու հետ։