Ս. Գասպարեան Երեւանի մէջ լոյս ընծայած է  արտասահմանի հայ գաղութներու կեանքը պատկերացնող գիրք մը՝ «Սփիւռքահայ գաղթօճախները այսօր».

միակողմանի եւ թերի տեղեկութիւններով աշխատանք մըն է այս, որու մէջ Ս. Գասպարեան կը ներկայացնէ նաեւ հայերու թիւը արտասահմանի մէջ, հակառակ որ ստոյգ վիճակագրական տեղեկութիւնները կը բացակային։ Արդարեւ, թուային պատկերը հետեւեալ ձեւով կը պարզուի.- Մ. Նահանգներ 250.000, Արժանթին 40.000, Պրազիլ 12.000, Գանատա 4.000, Ուրուղուէի եւ Հարաւային Ամերիկայի միւս երկիրները 12.000։ Ամերիկայի մէջ ընդհանուր թիւ՝ 318.000։ Ասիոյ մէջ բաժանումը հետեւեալ ձեւով է.- Թուրքիա 200.000, Իսրայէլ 2.000, Պարսկասատան 140.000, Իրաք 20.000, Լիբանան 120.000, Կիպրոս 4.000, Հնդկաստան 1.500, Յորդանան 8.000, Սուրիա 150.000, Ծայրագոյն Արեւելք-Աւստրալիա-Խաղաղական ովկիանոսի երկիրներ 2.300։ Ընդամէնը Ասիոյ մէջ 647.800։ Ափրիկէի մէջ՝ Եթովպիա 1.000, Եգիպտոս 45.000, Սուտան 600, Ափրիկէի զանազան երկիրներ 2.000։ Ընդամէնը՝ 48.600։ Իսկ Եւրոպայի մէջ՝ Անգլիա 3.000, Աւստրիա 200, Պուլկարիա 25.000, Իտալիա 1.000, Յունաստան 10.000, Ռումանիա 12.000, Ֆրանսա 130.000, այլ երկիրներ 12.000։ Ընդամէնը Եւրոպայի մէջ 193.200։

Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան ձեռնարկած է Եղիշէ Չարենցի երկերուն 6 հատորով հրատարակութեան, որ պիտի լրանայ 1966-ին։ Հատորներուն մէջ պիտի ներառնուին  Եղիշէ Չարենցի անտիպ գործեր, այսպէս մեծանուն բանաստեղծի ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ պահպանելով։

Հայ գիրերու ստեղծիչ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին առթիւ հանդիսութիւն տեղի ունեցած է Վենետիկի Ս. Ղազարու ճեմարանի սրահին մէջ։ Հայր Վահան Յովհաննէսեան կարդացած է «Մաշտոցեան Գնար» խորագրով իր բանաստեղծութիւնը։ Հայր Պօղոս Անանեան ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ մը պարզած է Մաշտոցի կեանքն ու գործը։