Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ շրջաններու, քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու խորհուրդներուն ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 17-ին։
205 էջերէ կազմուած համանուն գրքի մը մէջ Եղիազար Կարապետեան ազգագրական տեղեկութիւններ կու տայ Սասնոյ ժողովուրդին մասին: Գիրքը ունի յաւելուած մը՝ «Սասնոյ հարսանիք» եւ բառարան մը:
Աւստրալիոյ պետական համալսարանի տնօրէն խորհուրդը իր գումարած վերջին նիստի ընթացքին որոշեց համալսարանի պատուակալ անդամութեան վկայական շնորհել անուանի աստղագէտ եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանին: Համալսարանի պատուակալ անդամի վկայականը Վիքթոր Համբարձումեանին պիտի յանձնուի Աւստրալիոյ մէջ կայանալիք Միջազգային աստղագէտներու համաժողովի ընթացքին:
Ամերիկացի երաժշտական քննադատ Ն. Սլոնիմըսքի բարձր գնահատեց հայ յօրինողներու գործը: Ան յայտարարեց, թէ խորհրդային երաժշտութեան ամէնէն տպաւորիչ գործերու շարքին կարելի է դասել Թադէոսեանի սիմ- ֆոնիան: Ամերիկացի քննադատը շեշտեց, թէ Էտկար Յովհաննիսեանի սիմֆոնիան տրամաթիքական լարուած բնոյթ ունի, ինչպէս նաեւ՝ մտածումի խորութիւն ու պատկերներու ցայտունութիւն: Ադամ Խուտոյեանի թաւջութակի համար գրած քոնչերթոյին անդրադառնալով՝ Ն. Սլոնիմսքի ըսաւ, թէ Տվորժաքի քոնչերթոյէն ետք թաւջութակի համար գրուած այնպիսի երաժշտութիւն երբեք չէ լսած ինք: Ամերիկացի երաժշտական քննադատը այցելած է Մոսկուա, Փեթերսպուրկ, Քիեւ, Թիֆլիս, Երեւան եւ Պաքու:
Փետրուարին Պաքու եւ ապա Հայաստան ժամանած են ներգաղթող վաթսուն պարսկահայեր: Պարսկահայ երրորդ կարաւանն է այս: