Լիւքսեմպուրկէն Փարիզ ժամանեցին Յունաստանի վարչապետ պրն. Գարամանլիս եւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Ավերոֆ։

Հելլէն վարչապետը եւ արտաքին գործոց նախարարը ընդունուեցան Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Տը Կոլի կողմէ, որուն հետ խօսակցեցան շուրջ մէկ ժամ։ Խօսակցութեան ներկայ եղան նաեւ՝ Յունաստանի Փարիզի դեսպանը պրն. Ֆիլոն եւ նախագահին թարգմանը։ Տեսակցութենէն յետոյ, պրն. Գարամանլիս եւ Ավերոֆ մերժեցին որեւէ յայտարարութիւն ընել։ Սակայն, իրազեկ շրջանակներէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, ոչ մէկ ատեն դաշնակից երկրի մը ղեկավարը այնքան հետաքրքրութիւն ցոյց չէ տուած Յունաստանի հանդէպ եւ չէ արտայայտուած այնքան գովեստով որքան նախագահ Տը Կոլ հելլէն վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Երեկոյեան, Ֆրանսայի վարչապետ պրն. Փոմփիտու հացկերոյթ մը պիտի տայ ի պատիւ պրն. Գարամանլիսի եւ պրն. Ավերոֆի։ Հացկերոյթին պիտի մասնակցին նաեւ Ֆրանսացի եւ հելլէն ականաւոր դէմքեր։ Հելլէն վարչապետը, նախագահ Տը Կոլի հետ տեսակցելէ առաջ, տեսակցեցաւ Յունաստանի համար Քոնսորցիումի նախագահ պրն. Քոհրանի եւ ապա՝ ՆԱԹՕ-ի ուժերու գերագոյն պետ զօրավար Լեմնիչըրի հետ։

Պատերազմական յատուկ ատեանը մահուան  դատապարտեց նախագահ Տը Կոլի դէմ կազմակերպուած մահափորձի ղեկավարներէն վեց հոգի, որոնցմէ երեքը ի բացակայութեան։ Մահուան դատապարտուածներն են՝ փոխ-գնդապետ Ժան Մարի Պասթիէն Թիրի, 35 տարեկան, փոխ-հարիւրապետ՝ Ալէն տը Պուկրէնէ տը լա Թոքնէս եւ Հնդկաչինի արշաւանքի վեթերան՝ Ժագ Փրեվօ։ Ի բացակայութեան դատապարտուածներն են՝ Ժորժ Վաթէն, Սերժ Վերնիէ եւ Լայիոս Մարթոն։ Ասոնցմէ զատ, երեք հոգի դատապարտեց ցկեանս բանտարկութեան եւ հինգ հոգի 3-էն մինչեւ 15 տարի բանտարկութեան։ Ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուածներէն երկուքն ալ դատապարտուեցան ի բացակայութեան։