• Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի դիւանը քննած է Երեւան, Լենինական եւ Կիրովական քաղաքներու մէջ երեւան ելած գայթակղութիւնը՝ բնակարաններու վերաբերեալ: Հակառակ բնակելի տուներու սուր տագնապին եւ խախտելով պաշտօնական մարմիններու որոշումները՝ բնակարան յատկացնել ասոր պակասը զգացողներուն, նոր բնակարաններ յատկացուած են մեծ թիւով այնպիսի անձերու, որոնք արդէն յարմարաւէտ սեփական տունի կամ յարկաբաժինի տէր են: Դեռ աւելի՛ն, «Երեւանի ճնշող մեքենաներու (քոմ-փրեսէօր) գործարանին բաշխած բնակելի տարածութեան 70 տոկոսը օգտագործուած է ղեկավար աշխատողներու բնակարանային պայմաններու բարելաւումին համար», կը գրէ «Սովետական Հայաստան», իր Յուլիս 16 թիւով:
  • Լոյս տեսաւ Հայաստանի բնութեան պահպանութեան ընկերութեան պաշտօնաթերթ «Հայաստանի բնութիւն» պարբերականին անդրանիկ թիւը: Պարբերականին նպատակը պիտի ըլլայ ծանօթացնել հայրենի բնութիւնը եւ անոր հարստութիւնները: Հոն պիտի լուսաբանուին անտառային տնտեսութեան, ծաղկաբուծութեան, կենդանական աշխարհի վերաբերեալ հարցեր: Պարբերականը լոյս պիտի տեսնէ տարին չորս անգամ:
  • «Վարդանանք» թատերախաղով Յուլիս 15-ին Կիրովականի մէջ ներկայացումներու իր շարքը սկսաւ հայկական թատրոնը: Յաջորդաբար ներկայացուց հայ, վրացի եւ ռուս թատերագիրներու գործերէն թատերախաղեր:

  • Հայաստանէն կ՛իմանանք, որ Յուլիսի վերջերուն նշուած է Գ. Զօհրապի ծննդեան հարիւրամեակը: Այս առնչութեամբ կազմուած էր յոբելենական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած ծանօթ գրագէտներէ եւ մտաւորականներէ: