Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72-րդ տարեդարձը  տօնուեցաւ Թեսաղոնիկէի «Թիմելի» թատրոնի սրահին մէջ։

Հանդէսին ներկայ եղան արժ. Տ. Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիզեան, արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. իշխանութիւնը, բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութեանց եւ յարանուանութեանց յարգելի ներկայացուցիչները։ Երգչախումբին կողմէ երգուեցան հելլէն եւ հայ ոգերգները, որոնցմէ ետք, օրուան նախագահ ընկ. տոքթ. Աբրահամ Աբրահամեան բացաւ հանդէսը։ Ընկերը ծանրացաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կատարած դերին եւ մասնաւորելով իր խօսքը յունահայ գաղութին, շեշտեց թէ Դաշնակցութիւնը միշտ հաւատարիմ իր ուխտին, պիտի աշխատի իրագործել հայ ժողովուրդի բաղձանքները։ Ապա, մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ հրաւիրեց ներկաները յարգելու նոր մահացած ընկ. Արամ Սահակեանի յիշատակը։ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի անդամուհիներէն՝ Սօսի Տերանեան ապրումով արտասանեց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր»ը, իսկ Պատանեկանի անդամներէն Յակոբ Գասապեան՝ նոյնքան յաջող  կերպով «Իշխանի Անցք»ը։  Նաեւ փոքրիկն Արաքսի Աբէլեան արտասանեց հայրենի հողին նուիրուած յունարէն քերթուած մը։ Երիտասարդացի կողմէ ընկ. Վահէ Աւետիսեան կարդաց ուղերձ մը, նուիրուած՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան էութեան ու գործին։ Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի, հայ երգի քաղցր հնչիւններով  լեցուց հանդիսասրահը եւ յուզեց սրտերը։ Ապա նախագահի հրաւէրով բեմ եկաւ օրուան բանախօս՝ Լեւոն Ճլկունի, որ թուեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան ոգեկան արժանիքները։ Նախագահը հանդէսը փակելէ առաջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հելլէն ասպնջական եւ ազնիւ ազգին եւ կառավարութեան, եւ շնորհակալութիւն՝ հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուող ոստիկանական եւ այլ պետական պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ երգչախումբին եւ բոլոր ներկաներուն։ Եւ երգչախումբի «Յառաջ, նահատակ»ով, փակուեցաւ այս տպաւորիչ հանդիսութիւնը։