Երեւանի մէջ վերջերս յոբելենական երեկոյթ մը կազմակերպուած է համաճարակագիտութեան մասնագէտ փրոֆ. Առնօ Ալեքսանեանի ծննդեան 70-ամեակին առթիւ։ 1916¬ին փրոֆ. Ալեքսանեան աւարտելէ ետք Օտեսայի համալսարանի բժշկական ճիւղը, զօրակոչի ենթարկուած է, իսկ պատերազմէն

ետք հաստատւած է Հայաստան։ Առաւելաբար իր հետազօտութիւններուն եւ բուժումի միջոցներուն շնորհիւ է, որ Սովիէթ Միութեան մէջ Հայաստան առաջին երկիրը կը դառնայ, ուր կեղծմաշկի հիւանդութիւնը ի սպառ ջնջուած է։  Փրոֆ. Ա. Ալեքսանեան գրած է 110 գիտական աշխատութիւններ, մենագրութիւններ եւ դասագիրքեր։ Անդամ ընտրուած է Սովիէթ Միութեան բժշկական գիտութիւններու ակադեմիային։

- Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ կան ցիր ու ցան հայեր, որոնք ոչ եկեղեցի ունին եւ ոչ ալ դպրոց: 5-10 տարին անգամ մը Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէ քահանայ մը կը ղրկուի այդ շրջանները՝ հոգեւոր մատակարարութիւն կատարելու համար: Կարգ մը հեռաւոր գիւղերու մէջ գտնուող հայեր ատկէ ալ զրկուած կը մնան: Քանի մը օր առաջ Պոլսոյ պատրիարքարանի դասաւորումով Ռումէլի Հիսարի հովիւ Վահան քահանայ Պիպիեան ղրկուած է Գասթեմոնիի եւ շրջակայքը գտնուող հայերու հոգեւոր մխիթարութեան համար: Պիպեան քահանան մօտ մէկ ամիս պիտի մնայ այդ շրջաններ եւ վերադարձին մանրամասն տեղեկութիւն պիտի տայ այդ կողմերը գտնուող հայերու մասին: Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան կը շարունակէ Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հայերու հոգեւոր մխիթարութեան գործը:

- Հայաստանի այս տարուան խաղողի արտադրութիւնը եղած է առատ։ Արդարեւ, այգեպանները 105.000 թոնի փոխարէն, մթերանոցներուն յանձնած են 110.000 թոն խաղողի բերք։ Բերքահաւաքը դեռ կը շարունակուի։